ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԵՒ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ

Մոսկուայի եւ Թեհրանի յարաբերութիւնները կ՚ընթանան՝ ներկայ տարուան մէջ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագրի ճանապարհով։ Կողմերը այդ հունին մէջ կը խորացնեն իրենց համագործակցութիւնը՝ միջազգային օրակարգի բազում հրատապ խնդիրներն ալ ընդգրկելով։ Համապարփակ եւ բազմակողմանի այդ համագործակցութիւնը ունի թէ՛ միջազգային գործընթացներու վրայ ազդելու ներուժը եւ թէ համատեղ նախաձեռնութիւններ կեանքի կոչելու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ։

Երէկ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին։ Մոսկուայի մէջ նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Լաւրով եւ Արաղչի ընդգծեցին, որ երկու երկիրները ընդհանուր դիրքորոշումներ ունին բազում հարցերու շուրջ՝ մանաւանդ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միակողմանի քաղաքականութեան պայմաններուն ներքեւ անոնց կեցուածքը կը համընկնի։ Այս ամբողջին մէջ ուժանիւթի բնագաւառը կը ներկայացնէ առանձնայատուկ նշանակութիւն։

Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) հետ Իրանի յարաբերութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Կողմերը կը ձգտին ա՛լ աւելի ընդլայնել իրենց յարաբերութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ Ռեշտ-Աստարա երկաթուղիի ծրագիրը յատուկ քննարկման առարկայ դարձաւ։ «Այս նախագիծը Հիւսիս-հարաւ միջանցքի ուղղութեան զարգացման պիտի նպաստէ», ըսաւ Լաւրով եւ աւելցուց, որ երկու երկիրներու միջեւ խորհրդակցութիւնները սերտ են տարածաշրջանային խնդիրներու կապակցութեամբ։ Ի լրումն այս բոլորին՝ Լաւրով դիտել տուաւ, որ Մոսկուայի եւ Թեհրանի նպատակն է՝ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ հասնիլ աւելի շատ ժողովրդավարութեան։

Իր կարգին, Արաղչի դիտել տուաւ, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կը բոլորեն ընդլայնման արտասովոր գործընթաց մը։ Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւնները սահմանած են աշխատանքային նոր դրութիւններ։ Քաղաքական գետնի վրայ կողմերը ունին հասարակաց դիրքորոշումներ։ Արաղչիի խօսքով՝ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառներէ ներս համագործակցութիւնն ալ կը շարունակուի։

Հարկ է նշել, որ Լաւրով-Արաղչի ժամադրութեան ընդառաջ թէ՛ Թեհրանէն եւ թէ Մոսկուայէն հնչեցին Երեւանին ուղղեալ պատգամներ։ Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ նշեցին, որ TRIPP նախագիծը խորքին մէջ որեւէ տարբերութիւն չունի «Զանգեզուրի միջանցք»էն, ուստի, երկիրը դէմ է անոր։ Ռուսաստանէն ալ հետաքրքրութիւն արտայայտուած էր TRIPP-ին ներգրաւուելու ուղղութեամբ՝ այն յիշեցումով, թէ Հայաստանի երկաթուղային ցանցը կը կառավարուի ռուսական ընկերութեան կողմէ։ Նախօրէին, Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանի Թեհրանի մէջ հիւրընկալած էր Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Վիթալի Սաւելեւը։ Զրուցակիցները քննարկած էին Հիւսիս-հարաւ միջանցքի յառաջխաղացման վերաբերեալ հարցեր։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2025