ՍԻՄՈՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԶՕՐԱՎԱՐ ՏԸ ԿՈԼԻ ԴԵՐԻՆ ՄԷՋ
Ֆրանսահայ հռչակաւոր դերասան Սիմոն Աբգարեան ֆիլմի մը մէջ պիտի մարմնաւորէ զօրավար Շարլ տը Կոլը՝ ազատ Ֆրանսայի հիմնադիրը։ Ֆրանսական «Pathé» շարժանկարի ընկերութիւնը որոշած է արտադրել Շարլ տը Կոլի կենսագրութեան վերաբերեալ ֆիլմ մը։ Հինգ տարիէ ի վեր կը մշակուի այս ծրագիրը, որ ի վերջոյ յաջորդ տարի կեանքի պիտի կոչուի։ Զօրավար Տը Կոլի կենսագրութիւնը պիտի ներկայացուի երկու մասով։ Ժապաւէնները Ֆրանսայի մէջ համապատասխանաբար պիտի ցուցադրուին 2026 թուականի յունիսի 10-ին եւ յուլիսի 3-ին։
Այս ֆիլմերը դիտողները պիտի տանին դէպի Բ. աշխարհամարտը՝ մանաւանդ անոր վճռորոշ պահերը, որոնք պիտի ներկայացուին աչքով զօրավար Տը Կոլի եւ բոլոր անոնց, որոնք մերժած էին յանձնուիլը, երբ Ֆրանսան կը փլուզուէր։ Նիւթը կը սկսի 1940 թուականի յունիսին, երբ Ֆրանսա յանձնուած էր ու կնքուած էր զինադադար։ Այդ ժամանակ քիչ յայտնի զօրավար Տը Կոլ կը փախչէր Լոնտոն՝ անսասան այն մտքով, թէ Ֆրանսայի համար պայքարը չէր աւարտած։ Ֆիլմին մէջ կը պարզուին նաեւ Տը Կոլի բարդ յարաբերութիւնները՝ Անգլիոյ այդ ժամանակաշրջանի վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլի հետ, որու դերը կը մարմնաւորէ Սայմըն Ռասըլ Պիլ։
Բացի Աբգարեանէն եւ Պիլէն, ֆիլմին մէջ նկարահանուած դերասաններու շարքին են՝ Պէօնուա Մաժիմել, Մաթէօ Քասովից, Նիլս Շնայտըր, Գարին Լըքլիւ, Ֆլորիան Լեզիէ, Անամարիա Վարթոլոմէի եւ այլն։
Ֆիլմի բեմադրիչն է Անթոնէ Պոտրի, որ նախկին դիւանագէտ մըն է, ոգեշնչուած իր սեփական փորձառութենէն։ «Նման մարդիկ հազուադէպ կ՚ըլլան։ Ես անոնցմով այնքան հետաքրքրուած էի, որ որոշեցի ո՛չ թէ մէկ, այլ երկու ֆիլմ նկարահանել», ըսած է ան։
Սա «Pathé» ընկերութեան կողմէ ցարդ կեանքի կոչուած ամենայաւակնոտ նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ։ Ծրագիրը երկլեզու է՝ ֆրանսերէն եւ անգլերէն։