ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ. ԿՈՐԻԶ՝ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ

Եպիսկոպոսաց ժողովը Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիսանայ ո՛չ միայն կազմակերպչական կամ խորհրդակցական մարմին մը, այլեւ եկեղեցական կեանքի հաւաքական ինքնագիտակցութեան, հոգեւոր պատասխանատուութեան եւ առաջնորդական ծառայութեան կենդանի արտայայտութիւն մը։ Սա այն հարթակն է, ուր եպիսկոպոսական դասը՝ առաջնորդուելով առաքելական ձեռնադրութեան շնորհով եւ սուրբ հայրերու աւանդութեամբ, միասին կը կրէ Եկեղեցւոյ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի պատասխանատուութիւնը՝ ձգտելով ապահովել միասնութիւն, հաւատարմութիւն եւ հոգեւոր կենսունակութիւն։

Եպիսկոպոսաց ժողովի գործունէութիւնը կը տարածուի Եկեղեցւոյ կեանքի գրեթէ բոլոր առանցքային ոլորտներուն վրայ՝ հոգեւոր, հովուական, վարչական, կրթական, բարոյական եւ հասարակական։ Ժողովը կը նպաստէ թեմական կեանքի համահունչ կազմակերպումին, հոգեւորական դասի ծառայութեան որակի բարձրացումին եւ եկեղեցական կարգապահութեան պահպանումին։ Իր քննարկումներուն եւ ընդունուած ուղղութիւններուն միջոցով ան կը ձեւաւորէ միասնական մօտեցումներ, որոնք կը կանխարգիլեն տեղայնական մտածողութիւնը եւ կը շեշտեն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համահայկական ու համընդհանուր բնոյթը։

Միեւնոյն ժամանակ, ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ եպիսկոպոսաց ժողովը չունի զուտ օրէնսդիր կամ հարկադրող իշխանութիւն, սակայն, օժտուած է բարձր բարոյական հեղինակութեամբ եւ հովուական ազդեցութեամբ։ Անոր ուժը կը բխի ո՛չ թէ վարչական պարտադրանքէն, այլ՝ եպիսկոպոսական ծառայութեան հաւաքական փորձառութենէն, հոգեւոր պատասխանատու գիտակցութենէն եւ Եկեղեցւոյ նկատմամբ հաւատացեալներու վստահութենէն։ Այս իսկ պատճառով ժողովի որոշումները եւ դիրքորոշումները կը գործեն՝ որպէս ուղենիշներ, որոնք կը ձեւաւորեն եկեղեցական կեանքի ընդհանուր ուղղութիւնը։

Եպիսկոպոսաց ժողովը առանձնայատուկ դեր կը կատարէ նաեւ եկեղեցի-հասարակութիւն եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն մէջ։ Անիկա կը գործէ՝ որպէս Եկեղեցւոյ հաւաքական խղճի ձայնը՝ արտայայտելով սկզբունքային եւ խոհեմ դիրքորոշումներ այն պարագաներուն, երբ հասարակական կամ պետական գործընթացները կը վտանգեն բարոյական արժէքները, մարդկային արժանապատուութիւնը կամ ազգային ինքնութիւնը։ Այս դիրքորոշումները քաղաքական բնոյթ չունին, այլ կը բխին Եկեղեցւոյ մարգարէական առաքելութենէն եւ կը նպատակադրեն զգուշացնել, ուղղորդել եւ դաստիարակել։

Արդարեւ, եպիսկոպոսաց ժողովը այն առանցքային մարմինն է, որ կը հաւասարակշռէ աւանդութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը եւ ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն պատասխանելու անհրաժեշտութիւնը։ Ասիկա կը խթանէ եկեղեցական ինքնաքննութիւնը, ռազմավարական մտածողութիւնը եւ ծառայութեան նոր ձեւերու որոնումը՝ առանց վնասելու Եկեղեցւոյ դաւանաբանական հիմքերը։ Այս կերպով ժողովը կը պահպանէ Եկեղեցւոյ ներքին միասնութիւնը եւ կը նպաստէ անոր կենսունակ ներկայութեան հասարակական կեանքի մէջ։

Եզրակացնելով՝ կարելի է հաստատել, որ եպիսկոպոսաց ժողովը Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ կը մարմնաւորէ հաւաքական առաջնորդական պատասխանատուութեան այն կորիզը, ուր իշխանութիւնը կը վերածուի ծառայութեան, իսկ ազդեցութիւնը՝ բարոյական վկայութեան։ Իր գործունէութեամբ, ժողովը կը ծառայէ ո՛չ միայն Եկեղեցւոյ ներքին կեանքի ամրապնդումին, այլեւ ամբողջ ազգի հոգեւոր ու բարոյական առողջութեան պահպանումին՝ մնալով հաւատարիմ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ առաքելական կոչումին եւ բաց՝ ժամանակի պահանջներուն դիմաց։

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԱՀԻՐԷ (5-8 մարտ 1956)- Երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ եւ հրաւէրով, 5-8 մարտ 1956-ին, Եգիպտոսի մայրաքաղաքը Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարուած է եպիսկոպոսական ժողով, որուն նախագահած է երջանկայիշատակ հայրապետը: Ներկայ եղած են 17 բարձրաստիճան հոգեւորականներ: Այսպէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկսութեան տեղապահ երջանկայիշատակ Խորէն Եպսկ. Բարոյեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք երջանկայիշատակ Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեան, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան տեղապահ երջանկայիշատակ Տ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախկին տեղապահ երջանկայիշատակ Տ. Խադ Արք. Աջապահեան, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի, Վրաստանի թեմի առաջնորդները, Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակը, Անթիլիասի կաթողիկոսութենէն երջանկայիշատակ Տ. Դերենիկ Եպսկ. Փոլատեան, Երուսաղէմի պատրիարքութենէն եպիսկոպոսներ, Կիպրոսի, Դամասկոսի, Գալիֆորնիոյ առաջնորդները (տե՛ս «Սիոն», 1956, մայիս-յունիս, էջ 140):

Վազգէն Վեհափառը բացման իր խօսքին մէջ անդրադարձած է, որ նման ժողովներ մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ շատ չեն գումարուած: Վերջին տարիներուն, 1954-ին եւ 1955-ին, Էջմիածնի մէջ գումարուած են նեղ մասնակցութեամբ ժողովներ: Իսկ այս ժողովի պարագային ան արձանագրած է, որ «գրեթէ որեւէ ատեն այսքան բարձրաստիճան հոգեւորականներ մէկ սեղանի շուրջ չեն բոլորուած: Ասիկա կը գտնեմ շատ առողջ եւ շինարար երեւոյթ մը եւ կ՚ողջունեմ այս ժողովը այս ոգիով»։ Ան նկատի ունեցած է չորս Նուիրապետական աթոռներու մասնակցութիւնը այս ժողովին:

Գահիրէի եպիսկոպոսական ժողովի օրակարգը ընդգրկած է հետեւեալ կէտերը.

1. Ընդհանուր զեկուցում Մայր Աթոռի ներկայ կացութեան մասին:

2. Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ սահմանադրութեան հարց:

3. Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կանոնագրքի կազմութեան հարց:

4. Ս. Գրքի տպագրութեան 300-ամեակի տօնակատարութիւն եւ այդ առնչութեամբ Աստուածաշունչի աշխարհաբար թարգմանութեան հարց:

5. Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանի կազմակերպութեան ուժեղացման խնդիր:

6. Արտասահմանէն քանի մը հոգեւորականներ Էջմիածին հրաւիրելու խնդիր:

7. Մայր Աթոռի կողքին հոգեւոր կաճառ մը ստեղծելու հարց:

8. Սուրբ Էջմիածնի եւ մեր միւս աթոռներու փոխյարաբերութեան ծրագիր մը պատրաստելու հարց:

9. Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ բարեկարգութիւն:

10. Քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու հետ յարաբերութեան խնդիր («Սիոն», 1956, մայիս-յունիս, էջ 141):

Այս ժողովին գործունէութեան եւ ընթացքին մասին «Սիոն»ի մէջ կը կարդանք.

Մարտի 5-ին, Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայց. Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան եկեղեցականներուն համագումարը՝ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին: Ժողովին ատենապետն էր Գերշ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան, իսկ ատենադպիրը Գերշ. Շնորհք Եպսկ. Գալուստեան: 

Համագումարը ունեցաւ ութը նիստեր, որոշումներ տուաւ եւ նկատի առաւ հետեւեալ խնդիրները.

Ա. Հայց. Եկեղեցւոյ սահմանադրութեան կազմութիւն:

Բ. Հայց. Եկեղեցւոյ կանոնագրի պատրաստութիւն:

Գ. Հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութեան 300-ամեակի առիթով, Աստուածաշունչ գրոց աշխարհաբար լեզուի թարգմանութիւնը։

Դ. Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանի ուժեղացման եւ բարգաւաճման համար, ինչպէս նաեւ թեմերու զօրացման համար արտասահմանէն եկեղեցականներ Էջմիածին հրաւիրել։

Ե. Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կողքին, հոգեւոր կաճառի մը կազմութեան խնդիր:

Զ. Հայց. Եկեղեցւոյ ընդհանուր բարեկարգութիւն:

Գահիրէի եպիսկոպոսական ժողովը երկու նիստեր ալ յատկացուց Կիլիկիոյ կաթողիկոսական ընտրութեան վերաբերմամբ եւ նկատի առնելով ծագած տագնապը՝ եօթը կէտերէ բաղկացած համաձայնագիր մը ներկայացուց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղապահ Խորէն Եպիսկոպոսին, որուն ընդունուելէն ետք, կաթողիկոսական ընտրութիւնը պիտի նկատուէր ընդունելի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ. Վազգէն Ա. ինք անձամբ պիտի ընէր Ս. Օծումը եւ այդ ձեւով ապահովուած պիտի ըլլար Հայց. Եկեղեցւոյ միասնականութիւնը։ («Սիոն», 1956, մայիս-յունիս, էջ 130-131):

Գարեգին Պատրիարքը, իր հերթին, այս եպիսկոպոսական ժողովին մասին զեկուցում մը տուած է՝ ըստ հետեւեալի.

Ամենայն Հայոց Հայրապետ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Շնորհազարդ Կաթողիկոսի նախագահութեան տակ, Գահիրէի Հայոց առաջնորդարանին մէջ, 5-8 մարտի ընթացքին գումարուեցաւ եպիսկոպոսական առաջադրուած ժողովը: Մասնակցեցան Թիւրքիոյ Հայոց պատրիարքը, Անթիլիասի հայրապետական եւ Երուսաղէմի պատրիարքական տեղապահները, Եգիպտոսի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան նահանգաց եւ Գալիֆորնիոյ առաջնորդները, Արեւմտեան Եւրոպայի կաթողիկոսական պատուիրակը, Սուրբ Էջմիածնի միաբանութենէն մէկ, Անթիլիասի եւ Երուսաղէմի միաբանութիւններէն չորսական եպիսկոպոսներ: Ժողովը զբաղեցաւ քննարկութեամբ հետեւեալ զուտ կրօնական-եկեղեցական հարցերով.

Ա. Նուիրապետական չորս աթոռներուն Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանին, Անթիլիասի Դպրեվանքին, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքին ժառանգաւորաց վարժարանին եւ ընծայարանին եւ Իսթանպուլի Ս. Խաչ դպրեվանքին մէջ միջոցներ ստեղծել՝ աւելցնելու թիւը նպատակայարմար նոր ու որոշ ծրագրով մը, իրենց կոչումին կատարելապէս գիտակից ու հաւատաւոր, անձնազոհ եւ անշահախնդիր կուսակրօն եւ ամուսնացեալ եկեղեցականներուն:

Բ. Պարտադրել կանոնագիր մը, հիմնուած տիեզերական եւ ազգային ժողովներու կանոնադրութեանց ոգւոյն եւ ժամանակի պահանջներուն վրայ, ուժեղացնելու համար եկեղեցական կարգապահութիւնը բոլոր թեմերուն մէջ:

Գ. Բծախնդիր եւ զգուշաւոր ըլլալ, ըստ առաքելական հրահանգի, ձեռնադրութեանց եւ եկեղեցական աստիճաններու եւ տիտղոսներու տուչութեանց մէջ, կատարելով զանոնք պահանջելի արժանիքներու եւ յարմարութեանց ամենալուրջ նկատառումով:

Դ. Վերաքննութեան ենթարկել եկեղեցական ծիսարանը, առաջին հերթին նկատի առնելով մկրտութեան եւ պսակի խորհուրդները եւ թաղման արարողութիւնները, եկեղեցիներու եւ պատկերներու օծումը, եւ այլն, ոչինչ խաթարելով անոնց ոգիէն:

Ե. Աստուածաշունչը, իր Հին եւ Նոր կտակարաններով, անոր հայերէն տպագրութեան 300-ամեակին առիթով, թարգմանել աշխարհաբարի՝ արեւելահայ եւ արեւմտահայ բարբառներով միանգամայն եւ տպագրել զայն նախքան 300-ամեակի տօնակատարութիւնը 1966-ին:

Զ. Ճշդել Նուիրապետական չորս աթոռներուն փոխյարաբերութիւնը եւ իրաւական դիրքը իրարու հանդէպ:

Է. Ուսումնասիրել բացարձակապէս կրօնական բնոյթ ունեցող Համաշխարհային եկեղեցական համագումարներուն մեր Եկեղեցւոյ եւս մասնակցութեան պարագան:

Ը. Եկեղեցին պահել իր զուտ կրօնական եկեղեցական ծիրին մէջ, զերծ կացուցանելով ընդմիշտ արտաքին ազդեցութիւններէ, համաձայն տիրաւանդ պատուիրանին, թէ «Տուք զկայսերն կայսեր եւ զԱստուծոյն՝ Աստուծոյ»:

Թ. Ուսումնասիրել կուսակրօնութեան հարցը, լուրջ նկատառումովը այն բոլոր պարագաներուն եւ պահանջներուն՝ որոնք կ՚ապահովեն կենսունակութիւնը մեր Եկեղեցւոյն:

Եկեղեցւոյ բարեկարգման այս բոլոր հարցերը, ութ նիստերու մէջ բազմակողմանի քննութեան եւ խորհրդակցութեան առարկայ ըլլալէ յետոյ, միաձայն հաւանութեամբ կազմուեցան յանձնախումբեր, որոնք, տրուած որոշումներու համաձայն եւ որոշուած պայմանաժամի մը մէջ, պիտի ուսումնասիրեն զանոնք աւելի հանգամանօրէն եւ պիտի պատրաստեն տեղեկագիր, ուղարկելով զայն Մայր Աթոռ՝ ի պարտ ու պատշաճ տնօրինութիւն:

Այս հիմնական հարցերէն դուրս, եպիսկոպոսական ժողովը կարեւորութեամբ զբաղեցաւ նաեւ Անթիլիասի հայրապետական ընտրութեան յարուցած խնդիրով եւ կատարուած թերի ու անընդունելի ընտրութիւնը օրինականացնելու, որով եւ հաւատացեալներուն մէջ համերաշխութիւն եւ միութիւն ստեղծելու առաջադրութեամբ՝ պատրաստեց համաձայնագիր մը, որ Վեհափառ Կաթողիկոսին կողմէ յանձնուեցաւ Անթիլիասի հայրապետական տեղապահին՝ ի նկատառութիւն:

Ժողովը ցրուեցաւ իր պարտականութիւնը լիովին կատարած ըլլալու խղճի հանդարտութեամբ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ «պահպանիչ»ովը ու ժողովականներուն կողմէ միաձայնութեամբ երգուած «Հայր մեր»ով» (ԺԱՄԱՆԱԿ, կիրակի, 11-3-1956, էջ 1):

Հարկ է նշել, որ այս տեղեկութիւնները հրապարկուած են նաեւ Մայր Աթոռի «Էջմիածին» պաշտօնական ամսագրին մէջ։

•շար. 3

Հինգշաբթի, Փետրուար 19, 2026