ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՇՓՄԱՆ ՕՐԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ այսօր նախատեսուած է հեռախօսազրոյց մը, որուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը նոր հարթութիւն մը թեւակոխեցին անցեալ շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ՝ զանազան ձեւաչափերով կազմակերպուած բանակցութիւններով։ Զուգահեռաբար՝ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ ստեղծուած է բարձր մակարդակի շփումներ։ Այս ամբողջին մէջ Թրամփ այսօր կապ կը հաստատէ Փութինի հետ։ Սպիտակ տան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ան աւելի վերջ հեռախօսազրոյցներ պիտի ունենայ նաեւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ այլ երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ «Կը յուսամ՝ արդիւնաւէտ օր մը կ՚ըլլայ, հրադադար մը կը հաստատուի ու կը վերջանայ այս պատերազմը», նշեց Թրամփ։
Իսթանպուլի բանակցութիւններէն վերջ, շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած էին ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։