ԹԱԼԻԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի նոր սերունդի շառաւիղներէն Թալիա Մելքոնեան ծափահարելի յաջողութիւն մը արձանագրած է Լոս Անճելըսի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ան 2024-2025 կրթական շրջանի աւարտին աւարտած է տեղւոյն Ֆերահեան վարժարանը։ Նկատի ունենալով, որ ան հանդիսացած է իր շրջանի առաջինը՝ շրջանաւարտութեան հանդէսի ընթացքին իրեն վիճակած է ընթացաւարտ դասընկերներուն անունով ելոյթ ունենալու պատիւը։ Թալիա Մելքոնեան յաջորդ տարի պիտի դառնայ արդէն համալսարանական, պիտի յաճախէ աշխարհահռչակ UC Berkeley-ն, որ Գալիֆորնիոյ նահանգի լաւագոյնը կը համարուի։

Հարկ է նշել, որ Թալիա Մելքոնեան ծոռն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համահիմնադիրներէն Սարգիս Գօչունեանի կրտսեր դստեր՝ Ալին Գօչունեան-Պօղոսեանի։

Այս ուրախ առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Թալիա Մելքոնեանը, որուն նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք համալսարանական տարիներուն՝ մինչ կը պատրաստուի մասնագիտանալ թէ՛ անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան եւ թէ իրաւաբանութեան ուղղութեամբ։

Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները իր ծնողքին՝ Վիգէն եւ Շէյտա Մելքոնեաններուն, քրոջ՝ Լայլա Մելքոնեանին, մեծ ծնողներուն՝ Արամ եւ Վիվիան Պօղոսեաններուն եւ համայն Մելքոնեան ընտանիքին։

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025