ԵՐԵՒԱՆ-ԼՈՆՏՈՆ ՇՓՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճանըթըն Փաուէլի հետ։ Զրուցակիցները բարձր գնահատեցին Երեւան-Լոնտոն յարաբերութիւններու աշխոյժ զարգացումը եւ վերահաստատեցին՝ զանոնք ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի բարձրացնելու փոխադարձ պատրաստակամութիւնը։ Անոնք անդրադարձան նաեւ օրակարգային շարք մը կարեւոր հարցերու՝ նախանշելով ապագայ համագործակցութեան ուղիները։

Անգլիական կողմը ողջունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները՝ ընդգծելով, որ անոնք կարեւոր քայլեր են յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման ուղղութեամբ։ Նոյն շրջանակին մէջ ընդգծուեցաւ տարածաշրջանէն ներս հաստատուած խաղաղութեան հաստատութենականացման կարեւորութիւնը։

Ի լրումն այս բոլորին, կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը արդի խնդիրներուն շուրջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2025