ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Իշխանութիւն-եկեղեցի տագնապին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ է՝ ձերբակալուած ըլլալը յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանի, որ զօրակցութիւն յայտնած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Վեհափառ Հայրապետին։ Մինչ ան բանտարկուած է, այս առաւօտ, Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց իր փաստաբանը՝ Արամ Վարդեւանեան։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ան ըսաւ. «Այստեղ ընդհանրապէս քրէական գործ մը չկայ, իրաւական տարօրինակութիւն է»։

«Մենք տեսանք, թէ ինչպէս գործադիր իշխանութեան ղեկավարը ընկերային ցանցի միջոցաւ ներկայացուց այնպիսի խոստումներ, որոնք ուղղուած էին նաեւ Սամուէլ Կարապետեանի դէմ հաշուեյարդար տեսնելու, ինչ որ աննախադէպ էր։ Եւրոպական որեւէ երկրի մէջ նման բան չենք տեսած, երբ ֆէյսպուքի մէջ հնչեցուի քրէական հետապնդման եւ հաշուեյարդարի մասին խոստում», ըսաւ փաստաբանը։

Արամ Վարդեւանեան ընդգծեց, որ Սամուէլ Կարապետեանին մեղսագրուած է արարք մը, որ կ՚ենթադրէ յստակ իշխանութիւնը զաւթելու համար կոչ մը։ Մինչդեռ, իրաւաբանը բացատրեց, որ Սամուէլ Կարապետեան ընդհանրապէս որեւէ կոչով հանդէս չէ եկած։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Քննչական կոմիտէն այս առաւօտ խուզարկումներ կատարեց՝ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի «Տաշիր» ընկերութիւններու խմբաւորման կեդրոնատեղիէն ներս։ Լրահոսին մէջ տեղ գտած տեսանիւթերը կը ցոլացնեն, որ այդ խուզարկումներուն ընթացքին ընդդիմադիր քաքաղական գործիչներ մեկնած են «Տաշիր»ի կեդրոնը, որ կը գտնուի Երեւանի Տէրեան փողոցին վրայ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025