«ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐ՝ ՎՍՏԱՀԵԼԻ ՁԱՅՆԵՐ ՅԱՐԱՓՈՓՈԽ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ»

Թարգմանիչներու միջազգային օրուան առթիւ նախընթաց օր Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Մատենադարանի երդիքին տակ կազմակերպուած՝ «Թարգմանիչներ՝ վստահելի ձայներ յարափոփոխ աշխարհի մէջ» խորագրեալ ասուլիսը առիթ դարձաւ այս ոլորտի կարեւորութեան, դերակատարութեան, զարգացման հեռանկարներու եւ այժմ դիմագրաւած մարտահրաւէրներու քննարկման։

ՄԱԿ-ի օրացոյցին վրայ 30 սեպտեմբերը նախատեսուած է՝ Թարգմանիչներու միջազգային օր։

Հաւաքոյթի ընթացքին մասնակիցները դիտել տուին, որ Հայաստանի թարգմանիչներու ընկերակցութիւնը ո՛չ միայն որակի չափանիշներ կը սահմանէ, այլեւ համագործակցութեան ձեւաչափեր կը մշակէ։ Ատենախօսները կանգ առին նաեւ թարգամանչական աշխատանքի առարկայականութեան կարեւորութեան վրայ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2025