ՏՔԹ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՌՑԱՆՑ ԼՍԱՐԱՆԻՆ
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Վարդան Մատթէոսեան նախընթաց օր մասնակցեցաւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի առցանց լսարանին, որ 80-րդ էր իր նմաններու շարքին։ «Հայերը եւ Ամերիկայի ու Գերմանիոյ ցեղային քաղաքականութիւնը» նիւթով կազմակերպուած հեռավար զրոյցի ընթացքին Մատթէոսեան խօսեցաւ ցեղի գաղափարի հոլովոյթին մասին, նաեւ անդրադարձաւ անոր լեզուաբանական բացատրութիւններուն, մարդկային ցեղի հինգ դասակարգումներուն, հնդեւրոպական լեզուներու գաղափարին եւ անոր աշխարհագրական տարածականութեան։ Վարդան Մատթէոսեան լուսարձակի տակ առաւ արիացիներու Ասիայէն դէպի Եւրոպա անցումը, արիական առասպելը, ցեղ-լեզու-արեւելականութիւնը, հայերու վերաբերեալ գնահատականները՝ հակասականութեամբ յատկանշուած, ամերիկեան ցեղի խնդիրը, բնիկապաշտութիւնը, հայերու պարագային գերմանական կարծիքները, «կենսական տարածք»ի տեսութիւնը, ցեղասպանութեան շրջանին՝ նացիականութեան մօտեցումներուն ցեղի յղացքը, հայկականութիւն-արիականութիւն կապը:
Գիտական մակարդակով պատրաստուած եւ ներկայացուած հետաքրքրական դասախօսութիւն մըն էր այս մէկը, որու ամբողջական տեսագրութիւնը հասանելի է համացանցի վրայ, «Ազդակ»ի կայքէջին միջոցաւ։