ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՃԱՀԻՃԸ

Ե՞րբ պիտի աւարտի Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը։ Հարցում մը, որ յաճախ լսելի կը դառնայ միջազգային-քաղաքական լրահոսին մէջ։ Կայ կարծիք, որ 2022 թուականին սկիզբ առած պատերազմը մտած է ճահիճի մը մէջ, որովհետեւ Ռուսաստան, որ մինչ այդ իր առջեւ դրած էր որոշ թուականներ կարեւոր ձեռքբերումներ ունենալու համար, կը յապաղի եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ռազմական սեղանին դրուած որոշ ծրագրեր ուղղակիօրէն կը հեռացուին։

Իրավիճակը անորոշ է նաեւ ռազմական ճակատի վրայ, որովհետեւ ռուսական զօրքերուն կողմէ արձանագրուած յառաջխաղացումները մէկ օրէն միւսը կը փոխուին եւ գրաւուած ու տիրապետուած շրջան մը, գաւառակ մը, կամ նոյնիսկ գիւղ մը արագօրէն կ՚անցնի Ուքրայնայի տիրապետութեան տակ։ 

Ողջ սահմանի երկայնքը անկարելի է ճիշդ կերպով դիտարկել կամ ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաղորդել հանրութեան, բայց եւ այնպէս, շատ առումներով յստակ եւ ուղենշային կը դառնայ, որ այս պատերազմի ելքերը ո՛չ մէկ կերպով ամբողջական յաղթանակ մը պիտի տան կողմերէն մէկուն համար։ 

Եթէ Ռուսաստանի համար դեռ մինչեւ երէկ Տոնպասն ու Տոնեցքի տիրապետումը կը համարուէին յաղթանակի մը հասնիլ, այսօր պատկերը այդպիսին չէ։ Նոյնն է պարագան Ուքրայնայի համար, որուն ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը իր հունէն դուրս գալով նախաձեռնութիւն մը վերցուց եւ յաջողեցաւ թափանցել Ռուսաստանի տարածքներէն ներս, սակայն, այդ ներթափանցման փորձը կը համարուի ժամանակավրէպ, նաեւ շատ հեռու է այն գաղափարը, որ այս ընթացքով ուքրանացիք պիտի կարողանան յայտարարել, թէ իրենք ամբողջական յաղթանակ մը տարին Ռուսաստանի դէմ։

Ուրեմն, դէմ յանդիման կը գտնուինք կէս-յաղթանակ եւ կէս-պարտութիւն իրականութեան մը, ուր երկու կողմերն ալ խոցելի կէտեր ունին, երկու կողմերն ալ տկարացած են, մա՛նաւանդ երկու կողմերն ալ կը տենչան, որպէսզի այս պատերազմը աւարտի։ Կնքուի խաղաղութեան պայմանագիր, պատերազմի սեւ գուժկանները լռեն եւ շրջանը մուտք գործէ խաղաղութեան նոր ժամանակներ։ Բայց եւ այնպէս, գետնի վրայ արձանագրուած դէպքերը հեռու են խաղաղութեան համար տարուող ճիգերէն կամ այդ ճիգերու ամբողջական հանրագումարէն։

Եւրոպան տիւ եւ գիշեր կը պատրաստուի համալրել իր ռազմական ուժը, իբր այդ, մէջտեղ կը դրուին դրամական ահռելի միջոցներ, որպէսզի եւրոպական բանակները՝ յատկապէս Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Սպանիոյ պարագային, դառնան համահունչ ներկայ պայմաններուն։

Վիճակը առաւել կը բարդանայ, եթէ տեղի ունենայ Եւրոպա-Ռուսաստան ճակատում մը։ Այդ պարագային Ռուսաստանի կողքին մեծ եւ սուղ գին կրնան վճարել եւրոպական համայնքի գլխաւոր խաղացողները։

Պատերազմը պատճառ եղաւ Ռուսաստանի արտաքին թուլացման։ Այսպէս, այս բոլորին զուգահեռ, յստակ դարձաւ, որ Քիեւը իր տիրապետութեան տակ առնելու մարմաջով ճանապարհ դուրս եկած Վլատիմիր Փութինի վարչակազմը արտաքին ճակատի վրայ կրեց քաղաքական մեծ կորուստներ։ Անշուշտ, այդ պարտութիւններուն հիմնական առանցքը Հարաւային Կովկասն էր ու զուգահեռաբար Մերձաւոր Արեւելքը։ Բնականաբար, աւելի քան յստակ կը դառնար, որ Ռուսաստանի ներկայութիւնը կը նուազէր ո՛չ միայն Հարաւային Կովկասի, այլ մանաւանդ Սուրիոյ մէջ։ Փութին ստիպուած կ՚ըլլար (2024-ի դեկտեմբերին) հանդէս գալ դիտողի դերով մը, երբ Սուրիոյ ընդդիմութեան տարբեր խմբաւորումներ յաջողեցան արագ քայլերով տիրապետել Հալէպին, անկէ անցնիլ Հոմս ու Համա ու վերջնական հարուած մը տալ Էսատի վարչակարգին՝ Դամասկոսի մէջ։ Այս բոլորը Փութինի համար սպասելի էին թէ ոչ, յստակ չէ։ Սակայն, յստակ է, որ Փութին արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու ճամբով մեծ ճիգեր տարած էր, որպէսզի տեղի ունենայ Էսատ-Էրտողան հանդիպումը։ Այդ դարակազմիկ հանդիպումը խորքին մէջ, նոր էջ պիտի բանար շրջանին մէջ։ Հաւանաբար, Էսատ այդ պատգամը ճիշդ չընկալեց՝ մտածելով, որ ո՛չ մէկ կերպով Փութին առանձինն պիտի թողու զինք։ Կայ նաեւ վարկած, որ Էսատ այդպիսի թեքում մը կատարելով դաշոյն մը խրեց Իրանի մարմնին ու այդպիսով ալ դաւաճանեց իր հօր՝ Հաֆըզ Էսատի իշխանութեան վերջին փուլերուն մարմին ստացած Դամասկոս-Թեհրան ռազմավարական բնոյթի յարաբերութեանց։ Այս կէտին ի յայտ կու գար Էսատի տարընթերցումը՝ Ռուսաստանի իրական ուժին եւ կամքին, որ բացի քաղաքական երանգ ունենալէ, կը պայմանաւորուէր ռազմական, նիւթական-տնտեսական ներուժի նուազումով։

Անշուշտ, հասկնալի է, որ Փութին իր ամբողջական ուժն ու ուշադրութիւնը դրած էր Ուքրայնայի պատերազմին, իբր այդ, Ռուսաստան մեծ վնասներ կ՚ունենար արտաքին ճակատին վրայ։ Ինչպէս վերյիշեցինք, Սուրիոյ, նաեւ Հարաւային Կովկասի պարագային Ռուսաստան հանդէս եկաւ դիտողի դերով։ Այդ տխրահռչակ դերին հետեւանքով էր, անշուշտ, որ հայ ժողովուրդը կորսնցուց Արցախը կամ Արցախի հարցը բանակցային ճանապարհով (2020 թուականի պատերազմի աւարտէն ետք յատկապէս) լուծելու բոլոր հնարաւորութիւնները։

Միւս կողմէ, 2024-ի նոյեմբերին Ռուսաստան կը ծրագրէր գրաւել Ուքրայնայի Փոքրովսք քաղաքը, որ Տոնեցքի շրջանի ռազմավարական հանգոյց մըն է։ Սակայն, ռուսական բանակը չկարողացաւ իրականացնել իր նպատակը։ Չնայած թիւային գերակշռութեան, ուքրանացի պաշտպանները անհաւատալի դիմադրութիւն ցուցաբերեցին, ամէն ամիս աւելի քան 20 հազար ռուս զինուոր սպաննելով։ Մինչ այդ, Ռուսաստան կը թուի, թէ մօտ է ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատել Պոկրովսկի աւերակներուն վրայ՝ նոր զօրքեր տեղակայելով քանդուած շէնքերու մէջ եւ անօդաչուներու օգնութեամբ հարուածի տակ պահելով ուքրանական ուժերուն ուղղուած ռազմական մատակարարումը։ Փոքրովսքը առանձին ճակատամարտ մը չէ։ Անցնող մէկ տարուան ընթացքին ռուսական ուժերը ստեղծած են «գրպաններ» եւ արդէն հասած են Քոստանդինիւքայի արուարձանները։ Ռուսերը կը գործածեն արդիական հեռահար անօդաչուներ, որոնք կիրառուած են քաղաքներ աւերելու նպատակով։ Այդպիսով անոնք կը դիմադարձեն Քիեւի գործողութիւնները։ 

Նման ռազմավարութեամբ Ռուսաստան կը փորձէ հիւսիսէն շարժել Տնիփրոն՝ սպառնալով Զափորոժիայի տնտեսական կեդրոնին։ Եթէ Տոնպասը ամբողջութեամբ իյնայ ռուսական ճիրաններուն մէջ, վտանգը կրնայ աւելիով մեծնալ եւ սպառնալիքի տակ կը յայտնուի Ուքրայնայի երկրորդ մեծ քաղաք՝ Խարքիւը։

Անցնող ինն ամիսներու պատերազմի ամբողջական տագնապին մէջ կարեւոր է նկատել, որ միջազգային քննարկումները հիմնականօրէն կեդրոնացած են հրադադարի եւ բանակցութիւններու շուրջ, մինչդեռ Ռուսաստան շարունակաբար իր ուժերուն յարձակումները կը խրախուսէ։ Քրեմլին կողմ է թոյլ տալու, որ ուքրանացիներու դիմադրութիւնը կոտրելու համար կիրառուի երկարատեւ օդային հարուածներ ճակատի ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ հիմնական քաղաքներուն դէմ։ Ուքրայնան պատրաստ է բանակցութիւններու համար, բայց արեւմուտքի յապաղումը եւ որոշակի ռազմական օժանդակութեան նահանջը առիթ կը ստեղծէ, որպէսզի Փութին ժամանակ շահի իր դիրքերը ամրապնդելու։ Միւս կողմէ, Եւրոպայի անորոշութիւնը այն մասին, թէ հրադադարէն ետք ի՞նչ պիտի ընենք, ուղղակիօրէն կ՚օժանդակէ երկարեցնել այս պատերազմը՝ Ռուսաստանին տրամադրելով բարենպաստ պայմաններ՝ խոչընդոտելու Ուքրայնայի համարկումը եւրոպական անվտանգային համակարգին։

Պատերազմը մօտաւորապէս կը մօտենայ իր չորրորդ տարեդարձին։ Երկու կողմերն ալ յոգնած են, սակայն, ո՛չ մէկը պատրաստ է խաղաղութեան։ Փութինի ծայրայեղ պահանջներուն առընթեր գոյութիւն չունի իրական զիջումներու մթնոլորտ մը, որով պէտք է պաշտպանուի Ուքրայնայի ինքնիշխանութիւնը։

Միջազգային լծակները պէտք է կիրառուին՝ Ռուսաստանի վարքագիծը փոխելու համար։

Իբրեւ եզրակացութիւն. կայ իրական վարկած մը, որ այս պատերազմը կրնայ երկու տարիով երկարաձգուիլ։ Այդ մէկը կանխելու համար կան բանալիներ։ Այսպէս՝

1. Փոքրովսք քաղաքը եւ անոր յարակից շրջաններուն մէջ բռնկած հակամարտութիւնը ցոյց կու տայ, որ ռազմաճակատներուն իրավիճակը կրնայ փոխուիլ շատ արագ՝ ռուսական արդիական զէնքերու ներգրաւումով։

2. Առաջնային խնդիրը քաղաքական եւ ռազմական ճնշման բացակայութիւնն է՝ որ նոր հնարաւորութիւններ կու տայ Քրեմլինին։

3. Ուքրայնայի համար անհրաժեշտ է պատրաստ ըլլալ երկարատեւ պաշտպանութեան. միջազգային աջակցութեան պահպանումը հիմնական երաշխիք է Քիեւին համար։

4. Վերջապէս, քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ճնշումները Մոսկուայի ուղղութեամբ կը համարուին կենսական։ Եւ այդ ճնշումներն են, որ կրնան կրճատել ռուսական յարձակումներու կշիռը եւ իրական հիմք կը ստեղծեն բանակցիլ անկեղծ կերպով եւ փոխզիջումներու խօսոյթով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 20, 2026