ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱԶԱՏ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԵՆԷ ԶՐԿՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ»
Պատմաբան եւ քաղաքագէտ Արմէն Այվազեան, որ ծանօթ է իր ընդդիմադիր հայեացքներով, համոզուած է, թէ երբ Հայաստանի իշխանութիւնը պատերազմ յայտարարած է սեփական եկեղեցւոյ դէմ, ապա սա կը նշանակէ, որ փաստացի պատերազմ յայտարարած է նաեւ իր իսկ ժողովուրդին դէմ։ Սանկտ Փոլթենի եպիսկոպոսաց հաւաքի ընդառաջ ան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, որով արժեւորեց, թէ ի՞նչ կը նշանակէ սրբազաններու ո՛չ թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, այլ արտասահմանի մէջ հաւաքուած ըլլալը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն գրառումը։
*
Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ: Այս որոշումը ընդամէնը արտացոլումն է պատմական եւ քաղաքական առումով տխուր իրողութեան. ներկայիս, Հայոց Եկեղեցին Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս զրկուած է ազատ գործելու հնարաւորութենէն: Եկեղեցին ո՛չ միայն պաշտպանուած չէ, այլեւ կ՚ենթարկուի բացայայտ ճնշումներու ու հալածանքներու. ձերբակալուած արքեպիսկոպոսներ, Մայր Աթոռի եւ այլ տաճարներու բակերէն ներս աղանդաւորական խուժան՝ զայն պաշտպանող ոստիկանական ուժերով, պետական ուժային եւ դատական մարմիններու կոպիտ միջամտութիւն եկեղեցւոյ ներքին կեանքին ու ինքնակառավարման գործընթացներուն, եկեղեցական ներքին ու դաւանաբանական կանոնական փոփոխութիւններու պարտադրանք, պետական ամենաբարձ մակարդակներէ գրեթէ ամէն օր հնչող վիրաւորանքներ, սպառնալիքներ, հայհոյանքներ ու շանթաժ։ Ահա այն միջավայրը, որուն մէջ այսօր կը գոյատեւէ Հայոց Եկեղեցին:
Թէեւ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր առիթ չեմ ունեցած հանդիպելու մեր բարձրաստիճան եկեղեցականներուն եւ անոնց հետ քննարկելու ստեղծուած իրավիճակը, այնուամենայնիւ, կրնամ մօտաւորապէս պատկերացնել, թէ ինչ շարժառիթներով եպիսկոպոսաց ժողովը տեղափոխուած է հեռաւոր Աւստրիա: Խնդիրն այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս Փաշինեանի հերձատիրութիւնը տարբեր միջոցներով կրնար խաթարել եպիսկոպոսներու աշխատանքը՝ դիմելով ամենացածրորակ սադրանքներու: Թուարկենք հնարաւոր վտանգներէն միայն մի քանին: Հերձատիրութիւնը կրնար ընել հետեւեալները.
* «Զուարթնոց» օդակայանէն ներս այս կամ այն պատրուակով կազմակերպել Գարեգին Բ.-ին հաւատարիմ եպիսկոպոսներու քաշքշուկը՝ նոյնիսկ անոնց գրպաններուն կամ պայուսակներուն մէջ թմրանիւթ կամ այլ արգիլուած իրեր դնելով (վկայ՝ Արշակ սրբազանի ձերբակալման դէպքը), այնուհետեւ ընդհանրապէս արգիլել անոնց մուտքը Հայաստան:
* Գաղտնալսել ժողովականներու անձնական զրոյցները, ապա անոնք արհեստական բանականութեան միջոցով կեղծել ու հրապարակել (վկայ՝ Բագրատ սրբազանի ձերբակալման դէպքը):
* Ժողովի օրերուն դարձեալ աղանդաւորներուն եւ ՔՊ-ական («Քաղաքացիական պայմանագիր» իշխանական կուսակցութիւնը, որու ղեկավարն է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան) շարքայիններ լեցնել Մայր Աթոռի բակերը՝ աղմկոտ «ցոյցեր» կազմակերպելով:
* Ոստիկանական ուժերով ցուցադրաբար շրջափակել Մայր Աթոռը՝ փորձելով ուժային ահաբեկմամբ ազդել ժողովականներու կայացնելիք որոշումներուն վրայ:
* Ժողովի ընթացքին ժամերով հոսանքազրկել Մայր Աթոռը:
* Եւ այլն, եւ այլն:
Հերձատիրութեան հրահրած հակաեկեղեցական արշաւը եւս մէկ անգամ կ՚ապացուցանէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութեան եւ հայ ժողովուրդի շահերը որեւէ կէտի վրայ չե՛ն համընկնիր: Աւելի՛ն, անոնք կը գտնուին ուղիղ հակադրութեան մէջ: Երբ իշխանութիւնը պատերազմ կը յայտարարէ սեփական Եկեղեցւոյ դէմ, ապա ան փաստացի պատերազմ կը յայտարարէ իր իսկ ժողովուրդին՝ անոր ազգային ինքնութեան, պատմական յիշողութեան եւ հոգեւոր հիմքերուն:
Յամենայնդէպս, պատմական այս բախումին մէջ արդար կողմը հայ ժողովուրդն է:
…
Էջմիածին՝ մեծ վեհարան,
Սուրբ հաւատոյ շտեմարան,
Որք զերախտիս քո ուրանան՝
Երկու աչօքն կուրանան։
(Ղազար Ա. Ջահկեցի, 1737 թ.)