ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ
Բնականաբար, ես յոյս ունիմ, թէ Փաշինեան չի յաջողիր յեղաշրջում իրականացնել Մայր Աթոռի մէջ։ Ես սա բացարձակապէս անընդունելի կը համարեմ ո՛չ թէ այն պատճառով, որ չեմ տեսներ մեր եպիսկոպոսներու եւ ընդհանրապէս հոգեւորականներու թերութիւնները։ Պարզապէս, այն գործընթացը, զոր նախաձեռնած է վարչապետը, հակասահմանադրական է, հակապետական եւ հակազգային։ Բայց, որեւէ երեւոյթ ուսումնասիրելու ժամանակ պէտք է աչքի առջեւ ունենալ վատթարագոյն բեմագրութիւնը։ Առաւելագոյնը ինչի՞ կրնայ հասնիլ Փաշինեան՝ հետեւեալն է. յեղաշրջման հետեւանքով կը ստեղծուի «Հայաստանի Հանրապետութեան եկեղեցի», որ փաստացի ենթակայ կ՚ըլլայ Հայաստանի գործադիր իշխանութեան։ Մեր երկրի քաղաքացիներուն մէկ մասը այդ եկեղեցին կ՚ընդունի, միւսը (ներառեալ ես)՝ չ՚ընդունիր։ Ես եւ ինծի պէս մտածողները կը ցանկանանք յաճախել այն տաճարները, որոնք Փաշինեանին չեն ենթարկուիր եւ աւանդական՝ 1700-ամեայ եկեղեցւոյ մասն են։ Իշխանութիւնը կրնայ արգիլել այդ տաճարները եւ հետապնդել «ոչ-փաշինեանական» հոգեւորականները։ Այնպէս չէ, որ նման պառակտումներ եւ նման բռնաճնշումներ մեր պատմութեան մէջ չեն եղած։ Բայց, այսօր այդպիսի բզկտուած հասարակութեան հնարաւոր չ՚ըլլար պահպանել Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Մեր ունեցած բաժանումներուն՝ ներկայ-նախկին, ռուսամէտներ-արեւմտամէտներ, հայաստանցիներ-ղարաբաղցիներ, ժողովրդասէրներ-ժողովրդատեացներ, կ՚աւելնայ եւս մէկը՝ աւանդական եւ «փաշինեանական» եկեղեցւոյ հետեւորդներ։
Ենթադրենք, քանականան առումով այդ բաժանումը կ՚ըլլայ մօտաւորապէս 50/50։ Բայց, սփիւռքի մէջ, ուր կ՚ապրի հայ հաւատացեալներու մեծ մասը, չեն ընդունիր այդ «համագործակից եկեղեցին»՝ սփիւռքահայերու մեծ մասը, յամենայնդէպս, անոր դէմ կ՚ընդվզի։ Այդպիսով, մեր ներքին պառակտման հետ մէկտեղ, կը խորանայ նաեւ Հայաստան-սփիւռք անդունդը։
Հայ ժողովուրդի պատմութեան այսպէսով, ի հարկէ, վերջակէտ չի դրուիր։ Բայց, հայկական պետականութեան մասին այս պարագային ստիպուած կ՚ըլլանք մոռնալ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի