Ուրբաթ 4, Յուլիս 2025
ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ
Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը եւ «Կերոն» զարգացման հիմնադրամը ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը։ Այս առթիւ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար Եդուարդ Թոփճեան եւ «Կերոն»ի գործադիր տնօրէնուհի Վանանէ Արարքցեան զիրար շնորհաւորեցին ջերմօրէն։ Փաստաթուղթը նուագախումբի անունով ստորագրեց տնօրէն Նորայր Նազարեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ստորագրման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Դանիէլ Դանիէլեան։
Ուրբաթ, Յունիս 20, 2025