ԱՄՆ-Ի ՔԱՅԼԵՐԸ ԱՄՈՒՐ ՀԻՄՔ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷ ՆԵՐՍԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի Հարաւայի Կովկաս տուած այցելութեան՝ մանաւանդ Հայաստանի շփումներուն արձագանգները կը շարունակուին։ Գերմանիոյ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի փորձագէտներէն Ֆլորիան Պայընտէր, Մարլոն Հիւսման եւ Եագոբ Վոլենշթայն վերջերս վերլուծութիւն մը հրապարակեցին Վենսի տարածաշրջանային ուղեւորութեան շուրջ։ Երեւանի «Մետիամաքս» գործակալութիւնը հրապարակած է այս յօդուածի հայերէն թարգմանութիւնը։ Այսպէս, վերլուծաբանները որոշ զուգահեռականներով կը դիտարկեն Վենսի այցելութիւնն ու Եւրոմիութեան հնարաւորութիւններու պատուհանը Հայաստանի մէջ։
Վերլուծութեան հեղինակները շեշտած են, որ ԱՄՆ կ՚ընդգծէ Հարաւային Կովկասէ ներս ձեւաւորող, որոշիչ դեր մը ունենալու իր շարունակական եւ աճող յաւակնութիւնը՝ առաջարկելով տարածաշրջանային կայունութեան նոր հնարաւորութիւններ, միաժամանակ, վերաձեւելով ուժերու հաւասարակշռութիւնը այնպիսի միջոցներով, որոնք կրնան նաեւ ռիսքեր պարունակել։ Անցեալի բաղդատմամբ շատ աւելի Ուաշինկթըն այժմ կ՚ապաւինի տնտեսական փոխկապակցուածութեան՝ իր շահերը պաշտպանելու եւ տարածաշրջանային կայունութիւնը խթանելու նպատակով։
Վենսի այցն ու TRIPP նախաձեռնութեան յառաջ մղուիլը կը նշանաւորեն Հարաւային Կովկասէ ներս ուժերու հաւասարակշռութեան տեսանելի տեղաշարժ մը՝ ի նպաստ Ուաշինկթընի։ Յամենայնդէպս, այս իրավիճակը Եւրոպայի ներկայութեան համար ալ ամուր հիմք կը ձեւաւորէ։ Արդարեւ, Եւրոմիութիւնը կը մնայ Հայաստանի տեսակէտէ կարեւոր գործընկեր մը՝ քաղաքական, դիւանագիտական եւ տնտեսական ոլորտներէ ներս, ինչպէս նաեւ յաւակնոտ բարեփոխումներու օրակարգի մը իրականացման ուղղութեամբ։
Վերլուծաբանները թուարկած են այն բազում ազդակները, որոնք Հայաստանէ ներս ամուր հիմք կը ստեղծեն Եւրոպայի ներկայութեան համար։ Այնուամենայնիւ, անոնք կրնան լիարժէք ազդեցութիւն ունենալ միայն այն պարագային, եթէ ռազմավարական առումով համադրուին, քաղաքականապէս համահունչ կերպով ներկայացուին եւ տեսանելիօրէն իրականացուին։
Յօդուածին մէջ Վենսի այցը համարուած է ո՛չ թէ մեկուսացուած դիւանագիտական իրադարձութիւն մը, այլ՝ Հարաւային Կովկասէ ներս այժմու ռազմավարական վերադասաւորման դրսեւորում։ Ըստ մեկնաբաններուն՝ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան զանազանեցումն ալ տեսանելիօրէն յառաջ կ՚ընթանայ։
Այս բոլորը մատուցուած է տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու համայնապատկերին վրայ՝ ներառեալ Ռուսաստանի եւ Իրանի վերաբերեալ գործընթացները, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու խորացումը։
Հուսկ, վերլուծութեան մէջ մատնանշուած է, որ Եւրոմիութեան համար այս փուլը հնարաւորութիւններու լայն պատուհան մը կը բանայ։ Պրիւքսէլ ունի համեմատական առաւելութիւններ։ Որոշիչը պիտի ըլլայ ռազմավարական յստակութեան եւ գործառնական հետեւողականութեան համադրումը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի առաջարկներու այնպէս մը ձեւակերպումը, որպէսզի անոնք լրացնեն եւ կառուցուածքային առումով ամրապնդեն Երեւանի զանազանեցման ջանքերը։