ՍԻՆԻՐԼԻՕՂԼՈՒԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՇՕՇԱՓՈՒԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ
Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն, որ ընդունուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ, որ տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սինիրլիօղլուի հետ հանդիպման ընթացքին Փաշինեան ողջունեց անոր այցելութիւնը՝ շեշտելով, որ սա լաւ հնարաւորութիւն մըն է քննարկելու համար համագործակցութեան օրակարգը։ Վարչապետը կարեւորեց ԵԱՀԿ-ի հետ աշխոյժ երկխօսութիւնը եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան յոյս յայտնեց։
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու դիտել տուաւ, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը ԵԱՀԿ-ի համար ունի ռազմավարական նշանակութիւն եւ կառոյցը պիտի շարունակէ նպաստել խաղաղութեան օրակարգի յառաջ մղման։ Սինիրլիօղլու ողջունեց այդ ուղղութեամբ ներդրուած ջանքերը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման նպատակով։
Զրուցակիցները այս ամբողջին մէջ յոյս յայտնեցին, որպէսզի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը հնարաւորինս շուտ ստորագրուի։ Փաշինեան անդրադարձաւ այս գործընթացէն ներս Հայաստանի դիրքորոշումներուն՝ շեշտելով, որ իր գլխաւորած կառավարութեան առաջնահերթութիւնն է խաղաղութեան օրակարգը։
Իր կարգին, Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն ալ նշեց, որ տարածաշրջանէն ներս մեծ հնարաւորութիւններ կան խաղաղութեան հասնելու համար եւ անոնք պէտք է իրացուին։
Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցերու շուրջ։
Արարատ Միրզոյեանն ալ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ քննարկեց տարածաշրջանային հարցեր։ Զրոյցի տեւողութեան, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման համատեսքին մէջ ընդգծուեցաւ Հարաւային Կովկասի՝ որպէս իւրայատուկ խաչմերուկ, մեծ ներուժը եւ մատնանշուեցաւ անոր տարանցիկ հնարաւորութիւններէն օգտուելու ժամանակի հրամայականը։ Նախարարը նշեց, որ այս նոյն ընկալումը դրուած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրի հիմքին։
Միրզոյեան եւ Սինիրլիօղլու կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։