ՏՈԼՄԱՊԱՀՉԷԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերուն, Իսթանպուլի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի գրասենեակի համալիրէն ներս Էրտողան Փաշինեանը դիմաւորեց պաշտօնական արարողութեամբ։ Անոնք իրարու ներկայացուցին իրենց պատուիրակութիւններու անդամները։ Նախագահն ու վարչապետը նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ քննարկումները շարունակուեցան պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ։ Նախագահ Էրտողանի կողքին էր արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ Բացի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանէն, վարչապետ Փաշինեանի պատուիրակութեան կազմին մէջ էին խորհրդարանի փոխ-նախագահ ու Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու գծով յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան, արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան եւ այլ պաշտօնատարներ։ Բանակցութիւններէն վերջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար հրապարակումներ չկատարուեցան։ Երկու կողմերն ալ հանրային կարծիքը լուսաբանեցին գրաւոր հաղորդագրութիւններով։ Յամենայնդէպս, Էրտողան-Փաշինեան երէկուան ժամադրութիւնը եկաւ նոր փուլ մը սահմանել՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախագահ Էրտողան եւ վարչապետ Փաշինեան անդրադարձան Հարաւային Կովկասի հաշտութեան եւ երկխօսութեան գործընթացին, նաեւ տարածաշրջանային արդի իրադարձութիւններուն՝ գլխաւորութեամբ Թուրքիա-Հայաստան շփումներուն։ Զրոյցի ընթացքին Էրտողան կարեւորեց այժմու իրադրութեան պայմաններով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու միջոցաւ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան համաձայնեցումը։ Ան նշեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ ամէն ձեւով խրախուսել այն բոլոր ջանքերը, որոնք յառաջ կը տարուին «շահէ-շահէ» հասկացութեամբ տարածաշրջանի բարգաւաճումը ապահովելու նպատակով։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցան այն հաւանական քայլերուն, որոնք կրնան առնուիլ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս։ Նախագահ Էրտողանի խօսքով՝ ո՛չ միայն Կովկասի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանի կայունութեան համար Թուրքիա դիւանագիտութեան բոլոր հնարաւորութիւնները կ՚օգտագործէ։ Ղեկավարներու հետ շփումներն ալ կը շարունակուին՝ Իսրայէլի կողմէ Իրանի վրայ գործուած յարձակումով պայմանաւորուած բռնութեան փակ շրջանին տարածաշրջանի տեսակէտէ ստեղծած ռիսքերը չէզոքացնելու համար։

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան-Փաշինեան զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, ընդգծուեցան շինիչ երկխօսութեան շարունակականութեան եւ յստակ արդիւնքներու հասնելու կարեւորութիւնը։ Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններու եւ այդ համատեսքէն ներս երկկողմանի համագործակցութեան հաւանական ուղղութիւններուն։ Փաշինեան ընդգծեց Հայաստանի հաւատարմութիւնը տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման գործընթացին։ Ան շեշտեց, նաեւ իր յանձնառութիւնը՝ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման քաղաքականութեան շարունակականութեան առումով։ Երկու երկիրներու ղեկավարները վերահաստատեցին պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար ուղիղ կապերն ու երկխօսութիւնը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին շուրջ։

Փաշինեան վերջին անգամ 2023 թուականի յունիսին Թուրքիա եկած էր՝ Անգարայի մէջ մասնակցելով նախագահ Էրտողանի պաշտօնամուտի արարողութեան։ Այդ մէկը եղած էր 2009 թուականէն վերջ հայ ղեկավարի մը Թուրքիա տուած առաջին այցելութիւնը։ Փաշինեանի երէկուան այցն ալ այս ամբողջին մէջ ունեցաւ կարեւոր նշանակութիւն։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ օրուան առաջին կէսին հասաւ Իսթանպուլ եւ օդակայանէն առաջնորդուեցաւ Պէշիկթաշի «Քոնրատ» պանդոկը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ թրքահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Օրուան տեւողութեան վարչապետը առիթն ունեցաւ պատկերացում մը կազմելու Իսթանպուլի պատմամշակութային յատկանշական վայրերուն շուրջ՝ մասնաւորապէս այցելեց Այա Սոֆիան եւ Սուլթանահմէտը։ Վարչապետը յետմիջօրէին ալ այցելեց Գումգաբու, ուր Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարեց իր ուխտի աղօթքը եւ մոմ վառեց։ Հրաժեշտ առնելէ առաջ ան ծաղիկներ խոնարհեց Կոմիտասի արձանին առջեւ, որ կը գտնուի Պատրիարքարանի համալիրէն ներս։

Այս բոլորէն վերջ, երեկոյեան ժամերուն սկսաւ այցելութեան ծրագրի պաշտօնական մասը, որու աւարտին վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած հայկական պատուիրակութիւնը երեկոյեան ժամերուն հրաժեշտ առաւ քաղաքէս։

Շաբաթ, Յունիս 21, 2025