ԵՐԲԵՔ ՈՒՇ ՉԷ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) հերթական անգամ անդրադարձաւ՝ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան։ Մինչ իշխանութիւններու կողմէ հալածանքները կ՚ահագնանան, ՀԲԸՄ կոչ ուղղեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան պահպանման համար՝ շեշտելով նաեւ իր խրախուսանքը հաշտեցման ուղղեալ երկխօսութեան ի նպաստ։ Հայաշխարհի մեծագոյն բարենպատակ կառոյցի՝ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Նիւ Եորքի գրասենեակէն երէկ հրապարակուեցաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը։
*
Հայ Առաքելական Եկեղեցին՝ որպէս հաստատութիւն, դարեր շարունակ պահպանած է հայկական ինքնութիւնը։ Այն ժամանակաշրջաններուն, երբ մեր ժողովուրդը անկախ հայրենիք չէ ունեցած, մենք եւ մեր նախնիները թէ՛ քրիստոնեայ եւ թէ հայ մնացած ենք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շնորհիւ։
Քանի որ հայերու եւ եկեղեցւոյ անդամներու ճնշող մեծամասնութիւնը կ՚ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս, մենք՝ հայերս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը համարենք մեր կեանքի հոգեւոր կեդրոնը։ Մեր եկեղեցին պարզապէս քրիստոնէական դաւանանք չէ. անոր արմատները խոր են ու կը հասնին մինչեւ Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն Սուրբ Թադէոսի եւ Սուրբ Բարթողիմէոսի եւ, ի վերջոյ, մինչեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ։ Մեր եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը ներկայացուած է Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովին մէջ եւ այդ ժամանակէն ի վեր քրիստոնէութենէ ներս կարեւոր դեր ունեցած է ամբողջ աշխարհի վրայ։
Նոյնքան կարեւոր է այն հանգամանքը, որ Սուրբ Էջմիածինը թէեւ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, սակայն, կը ծառայէ աշխարհասփիւռ հաւատացեալներուն, կը գործէ անկախ ու պէտք է մնայ այդպիսին։ Համոզուած ենք՝ թէեւ հոգեւորականները, քաղաքական գործիչներն ու անհատ քաղաքացիները իրաւունք ունին արտայայտելու իրենց կարծիքը, սակայն, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իսկական կառավարումը պէտք է իրականացուի՝ ըստ մեր հոգեւոր առաջնորդներու եւ անոնց նախորդներու կողմէ, դարերու ընթացքին ձեւաւորուած ընթացակարգերու։
Տարիներ շարունակ հայկական սփիւռքը ապաւինած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներուն՝ աշխարհասփիւռ հայութիւնը ազգային ինքնութեան շուրջ համախմբելու եւ հոգեւոր առաջնորդութիւն ապահովելու համար՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումէն թէ՛ առաջ եւ թէ յետոյ։ ՀԲԸՄ խորհրդանշական դեր ունեցած է այս յարաբերութիւններու ձեւաւորման գործին մէջ։ 1906 թուականին, Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ հիմնադրումէն ի վեր, ՀԲԸՄ, անդամներով ու նուիրատուներով հանդերձ, կարեւոր աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանին եւ ներդրումներ կատարած հայրենիքի մէջ՝ կրթութեան, ընկերատնտեսական զարգացման, մշակոյթի եւ, ի հարկէ, մարդասիրական աջակցութեան ոլորտներու մէջ։ Ան հիմնարար դեր ունեցած է կարեւոր ենթակառուցուածքներու կառուցման, ինչպէս նաեւ կարեւորագոյն հաստատութիւններու զարգացման եւ յաջողութեան ուղղութեամբ։
Որպէս ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, որոնք կը ներկայացնեն աշխարհի զանազան ծայրերէ հայերու լայն շրջանակ՝ մենք կը բաժնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի, պոլսահայոց Պատիրարք Սահակ Արք. Մաշալեանի եւ Վատիկանի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Խաժակ Արք. Պարսամեանի վերջերս արտայայտած դիրքորոշումը, որով միասնութեան կոչ կ՚ուղղուի բոլոր հոգեւորականներուն՝ ի պաշտպանութիւն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ամբողջականութեան եւ ինքնակառավարման, ինչպէս նաեւ յարգանք դրսեւորելու ներկայ նուիրապետութեան եւ ինքնակառավարման նկատմամբ, զոր պէտք է իրականացուի՝ ըստ եկեղեցական օրէնքներու։
Մենք կը գտնուինք վճռորոշ հանգրուանի մը մէջ, երբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ապագայ առաջնորդութեան վերաբերեալ ներկայ հռետորաբանութիւնը կրնայ պառակտել մեր աշխարհասփիւռ հաւատացեալները։ Այս ճգնաժամը բացասական ազդեցութիւն ունի ինչպէս հայ հաւատացեալներու, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւններու վրայ։
Սա ո՛չ թէ անցեալը դատելու, այլ հաշտեցման ճանապարհով յառաջ շարժուելու կոչ մըն է։ Մենք կ՚ընդունինք, որ հնչած են արտայայտութիւններ եւ ձեռնարկուած են գործողութիւններու՝ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն, միտումնաւոր կամ ոչ-միտումնաւոր, որոնք բացասաբար անդրադարձած են թէ՛ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան վրայ։ Ներողամտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնարար ուսուցումներէն մին է։
Այս ոգիով կը յորդորենք, որ յստակ սահմանազատում մը ըլլայ եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակէ յառաջ շարժուիլ ինքնիշխանութեամբ՝ համաձայն Սահմանադրութեան եւ ընտրող քաղաքացիներու կամքին, իսկ Հայ Առաքելական Եկեղեցին շարունակէ յառաջ շարժուիլ իր ներքին կառավարման գործընթացներով՝ ինքնուրոյն պատասխանատու ըլլալով ապագայ բարեփոխումներու եւ ներքին գնահատման համար։ Սա կը բխի թէ՛ Հայաստանի կառավարութեան եւ թէ աշխարհասփիւռ հայութեան շահերէն, որովհետեւ նման զսպուածութիւնը, ըստ էութեան, կ՚ամրապնդէ կառավարութեան հեղինակութիւնը յաչս միջազգային հանրութեան՝ ցոյց տալով անոր յարգանքը եկեղեցւոյ անկախութեան նկատմամբ։
Մենք արդէն դիմած ենք աշխարհի զանազան վայրերու հոգեւորականութեան բարձրագոյն շրջանակներուն՝ յստակ սահման գծելու հոգեւոր առաջնորդութեան եւ քաղաքական գործունէութեան միջեւ։ Այժմ կը դիմենք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան՝ յարգելու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ինքնակառավարումը եւ ինքնավարութիւնը։
Արտացոլելով ՀԲԸՄ-ի այն համոզումը, թէ միութիւնը զօրութիւն է եւ արտայայտելով մեր անկեղծ յարգանքը՝ աշխարհասփիւռ հայութեան շարունակական բարգաւաճման համար կենսական նշանակութեամբ երկու հաստատութիւններու նկատմամբ՝ մենք պատրաստակամ ենք խթանելու եւ համակարգելու անոնց միջեւ շինիչ երկխօսութիւն մը։ Հաշտեցման համար երբեք ուշ չէ։