ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման գործընթացին՝ բացատրելով, թէ ինչո՛ւ հիւսիսային հատուածէն կը շարունակուի սահմանագծումը։
Երէկ, Ազգային ժողովէն ներս, կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ժամանակ վարչապետը ըսաւ. «Գոյութիւն չունի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանի այնպիսի հատուած մը, որու պարագային մենք ըսենք՝ չենք սահմանազատեր, մեզի սահմանի ուրիշ հատուած պէտք է»։
Ընդդիմադիր երեսփոխանի մը հարցման պատասխանելով՝ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ սահմանի հիւսիսային հատուածի պարագային արդէն կայ քանի մը հատուածական սահմանազատում։ «Կիրանցի հատուածի մէկ մասը սահմանազատուած է։ Ունինք սահմանազատուած կտորներ, որոնք անվտանգութեան երաշխիք են։ Մենք կ՚ուզենք այդ կտորները ամբողջական դարձնել, որպէսզի հատուածական չըլլայ», շարուանակեց ան։
Այսօր արդէն Զուիցերիա կ՚այցելէ Նիկոլ Փաշինեան՝ Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին մասնակցելու համար։ Տաւոսի մէջ է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Ուղեւորութեան ընդառաջ վարչապետը խորհրդարանի ամպիոնէն անդրադարձաւ նաեւ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած գերիներու եւ պատանդներու վերաբերեալ խնդիրներուն։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Մեր խնդիրը առաջին հերթին չվնասելն է»։ Իր խօսքով՝ Պաքուի դատավարութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւններն ու տեսարանները մտահոգիչ են։ «Մեր դիւանագիտական շփումներուն մէջ, մեր դիւանագիտական օրակարգին վրայ այդ հարցը մշտապէս ներկայ է։ Պիտի շարունակենք այդ ուղղութեամբ մեր ջանքերը, որպէսզի արդիւնքի հասնինք», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ այն յայտարարութիւնները, որոնք կը բաւարարեն հայրենասիրական զգացումները, կ՚ունենան ազդեցութիւն եւ հետեւանք, որոնք այդ մարդիկ բանտի մէջ իրենց մորթին վրայ կը զգան։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ
Խորհրդարանի հարցում-պատասխանի ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ անդրադարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթին։ «Մենք փրկիչ չենք փնտռեր եւ չենք գտած», ըսաւ նախարարը։