ԱՀՈՎ ԼԵՑՈՒԱԾ ՍԻՐՏԵՐ

Մանկութեանս «կարմիր էջեր»էն դրուագ մը։ Շատ լաւ կը յիշեմ 1978 թուականի ամառը։ Երջանիկ թուացող մանկութեան մը կարեւոր փուլն էր այդ ամառը, որ կարծէք կիսատ կը մնար, որմէ ետք ալ ընթացք կ՚առնէր նոր կեանք մը, նոր իրավիճակներու մէջէն անցնող պատանեկութիւն մը։

Միայն Աստուած գիտէ, թէ ինչպէս խոյս կու տայինք Լեռնալիբանանի Տուար գիւղէն։ Վախի ու սարսափի կիրակի մըն էր, հազիւ կիրակի օրուան ճաշը աւարտեցինք՝ հրթիռներու ձայները լեցուցին մեր ականջները։ Լեցուցին մեր սիրտը ահով ու լաւ կը յիշեմ այն պահը, երբ մայրս մեծ քաջութեամբ անցաւ ինքնաշարժի ղեկին ու արագ-արագ քշելով մեզ դուրս հանեց իսկական վտանգէն։ Տուարը մնաց յիշողութիւններու գիրկը, մաս կազմեց սուրիական բանակի տիրապետութեան գօտիին, ուր երկար տարիներ անկարելի էր այցելել։

Ճանապարհին ամենագորշ տեսարանը կարմիր հրթիռներու պայթումի յառաջացուցած կրակը չէր, այլ այն անցարգելը, որուն առջեւ մայրս՝ Սրբուհի Ղազարեան ստիպուած կ՚ըլլար ամուր կոխել արգելակներուն, որպէսզի մեր մեղրագոյն եւ հրաշալի «Մազտա»ն կանգնի։ 

Շունչ մը կը քաշէինք բոլորս։ Վախի գրգիռներ դուրս կու գային մեր ռունգերէն, երբ երկու թիկնեղ մինչեւ ատամները զինուած զինուորներ կը կանգնէին մեր ինքնաշարժին մօտ։

«Սարսափ կինօ»ի (Հայաստան այդպէս կը կոչեն Horror տեսակի տեսաֆիլմերը) նկարազարդուած պահն էր կարծես։ Երկար շունչ մը կը քաշէինք ղեկին եղող մայրս, հայրս, երկու քոյրերս՝ Ժագլինն ու Սեդան եւ ես։ Վստահ եմ, որ ինքնաշարժին մէջիններէն ամենաշատ վախը ապրողը ես էի։ Այդ տպաւորութիւնները բոլորն ալ օդը կը ցնդէին տարիներ անց, բայց, մինչեւ այս պահը, նոյնիսկ հիմա այս գիրը հասցնելու պահուս կ՚ուրուագծուէր ոսկեայ ատամներով զինուորին դէմքը։ 

Զինուորը, այո՛, կը հարցնէր մեր ո՞վ-ինչացու ըլլալը, երբ կ՚ըսէինք, որ հայեր ենք… լայն ժպիտով մը ճանապարհ կու տար մեզի։ Խնդիրը ժպիտը չէր, այլ բերնին ոսկեայ ատամները, որոնք ցայսօր ալ նկարի մը պէս կը տողանցեն յիշողութեան պաստառիս վրայ։

«Ռատըհ զինուոր»ը, անորոշութեան եւ վախի զգացումները այդ օրէն կը հաստատուէին մէջս եւ, անշուշտ, կը փոխկապակցուէին սուրիական բանակին հետ։

Տարիներ անց, երբ արդէն խաղաղութիւն հաստատուած էր Լիբանանի մէջ, տարբեր առիթներով կ՚այցելէի դէպի Դամասկոս, բայց մանաւանդ Հալէպ։ Ու վեց-եօթ ժամուան ճանապարհի ընթացքին հայեացքս պարզած, լարուած վիճակով կը սպասէի, որ դարձեալ պիտի հանդիպէի «Ռատըհ»ի զինուորներուն, մինչեւ ատամները զինուած ու ոսկեայ ատամներով զինուորներուն՝ յուսալով անշուշտ, որ հազիւ իմանան հայ ինքնութեանս մասին լայնալիճ ժպիտ մը պիտի տարածեն, նաեւ պիտի ցուցադրեն Սովետական աշխարհէն Սուրիա հասած ոսկեզօծ ատամներով իրենց բերանները…։

Ինչքան սահեցան ու հեռացան այդ տարիները, մանկութեան օրերու այդ յիշողութիւնը ամրացած մնաց մէջս ու հիմա 1978 թուականի ամրան արձակուրդի օրերէն 47 տարի ետք, դարձեալ ժամադրութիւնս այդ սպասումին, անորոշութեան ու Էսատի վարչակարգի գորշ էութիւնը մեր աչքերուն բացող տեսարանին հետ։

Լաւ բաներ ըրած ե՞ն այդ զինուորները, վստահ չեմ, սակայն, իրենց մասին շրջանառող զրոյցները օդին մէջ շոգիացուցած են նոյնիսկ այն դրական ժպիտը, որ կը տարածուէր անոնց կողմէ ամէն անգամ, երբ կը լսէին, որ իրենց հիւրը, անցորդը կամ գուցէ նաեւ զոհը կը պատկանի հայկական համայնքին։

Այդ դէպքն ու հանդիպումը միայն մէկ պատկերն է այն բոլորէն, որուն իրական դերակատարները դարձան Էսատի վարչակարգի զինուորները՝ Լիբանանի մէջ։

Ի դէպ, ոսկեայ ատամներով զինուորներ ձեզմէ քիչերը տեսած են։ Կը խօսիմ Լիբանանի 1970-ականններու աւարտի առօրեայիս մասին, երբ Լիբանան կը հասնէին Արաբական լիկայի կողմէ կազմուած «Ռատըհ» ուժերը, որոնց հիմնական մասը բաղկացած էր սուրիացի զինուորներէ։ Մինչ այդ, Էսատի բանակը, որ Լիբանան մուտք կը գործէր քրիստոնեայ քաղաքական ուժերու խնդրանքով, կարգաւորելու համար այդ օրերուն Մերձաւոր Արեւելքի Փարիզ կոչուած Պէյրութի ներքին գործերը։

ԱՐԱԲԱԿԱՆ «ՌԱՏԸՀ»Ի ՈՒԺԵՐԸ

Ինչպէս վերյիշեցի, խաղաղութիւն հաստատելու համար Լիբանան ժամանած ուժերը, որոնք խորքին մէջ ունէին զսպելու առաքելութիւն մը, մեծ հաշուով կը բաղկանային սուրիացի զինուորներէ։ Հակառակ անոր, որ այդ ուժերը կազմուած էին Արաբական լիկային կողմէ, անոնք վերածուեցան լիբանանեան պատերազմի կրակին վրայ յաւելեալ ձէթ ու վառօդ թափող ուժերու հոմանիշ։

Իսկ ովքե՞ր էին անոնք եւ թէ ի՞նչ հանգամանքներու տակ կազմուեցան։ Արաբական յանձնառու ուժերը խաղաղապահ միջազգային զօրախումբ մըն էին, որ ստեղծուեցան Արաբական լիկային կողմէ՝ 1976 թուականի գագաթաժողովի ընթացքին, որ գումարուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ՝ Սէուտական Արաբիոյ, Քուէյթի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի ղեկավարներու մասնակցութեամբ։ Այդ գագաթաժողովին որոշուեցաւ, որ «Արաբական անվտանգութեան խորհրդանշական ուժը» վերածուի «Արաբական յանձնառու ուժ»ի՝ նպատակ ունենալով միջամտել եւ ճիգ թափել դադրեցնելու Լիբանանի մէջ բռնկած քաղաքացիական պատերազմը։

Արաբական լիկայի այդ որոշումը հաստատուեցաւ նաեւ Գահիրէի գագաթաժողովին, նոյն տարուան ընթացքին։

Քանի որ Լիբանանի մէջ պատերազմը 1976 թուականին սաստկացաւ, Արաբական լիկան կազմեց միջամտական զօրախումբ մը՝ բաղկացած հիմնականին մէջ սուրիական ուժերէ, որոնց միացան նաեւ խորհրդանշական կազմեր Սուտանէն, Սէուտական Արաբիայէն եւ Լիպիայէն։ Թէեւ անոր ներկայութիւնը արդարացուեցաւ իբրեւ խաղաղապահ առաքելութիւն, իրականութեան մէջ, զօրքը ամբողջովին կը գտնուէր Սուրիոյ հրամանատարութեան ներքոյ։ Սկզբնական կազմը կը հաշուէր շուրջ 35 հազար զինուոր, որոնցմէ 30 հազարը՝ սուրիացի։

1978-ի վերջին, երբ Արաբական լիկան երկարաձգեց «Յանձնառու ուժեր»ու իրաւասութիւնը, Սուտանը, Սէուտական Արաբիան եւ Միացեալ Էմիրութիւնները յայտարարեցին իրենց զինուորները ետ կանչելու մտադրութիւնը, իսկ Լիպիոյ ուժերը ինքնագլուխ հեռացան։ Այսպիսով «Յանձնառու ուժեր»ը գործնականին դարձան ամբողջովին սուրիական կազմաւորում՝ իրենց մէջ ունենալով նաեւ պաղեստինեան կարգ մը ջոկատներ։

Անոնց առաքելութիւնն էր կանխել պատերազմող կողմերուն միջեւ նոր բախումները, պահպանել հրադադարը, հաւաքել ծանր զէնքերը եւ օժանդակել Լիբանանի կառավարութեան՝ իր իշխանութիւնը վերականգնելու համար։

Այս կապակցութեամբ զանազան վերլուծաբաններ կ՚արտայայտուէին։ 

«…Սուրիացիք 1976-ի ամրան շրջանէն ի վեր կը վերահսկէին Պեքաայի հովիտը։ Անոնց «Արաբական յանձնառու ուժեր»ու գլխաւոր կեդրոնը գտնուեցաւ Շթորա քաղաքին մէջ, իսկ դիրքեր կը պահէին Զահլէի շուրջ, Ռայաքի օդակայանին, Պաալպեքի եւ Հըրմելի մէջ», կը գրէր լրագրող Ռապըրթ Ֆիսք։

15 նոյեմբեր 1976-ի առաւօտեան ժամը 4.30-ին, «Յանձնառու ուժեր»ը՝ կազմուած 25 հազար սուրիացի եւ շուրջ 5 հազար սուտանցի, սէուտացի ու էմիրացի զինուորներէ, մտան Պէյրութ՝ նպատակ ունենալով դադրեցնել բախումները, որոնք տեղի կ՚ունենային կառավարական ուժերուն ու Պաղեստինի Ազատագրական կազմակերպութեան միջեւ։ Սակայն սուրիացի խաղաղապահները սկսան զէնք եւ աջակցութիւն բաշխել Սուրիոյ համակիր խումբերուն, ինչ որ պատճառ դարձաւ անոնց բռնագրաւիչ ուժ կոչուելուն։

Յետագային, 1977 թուականի յուլիսին Լիբանանն ու Պաղեստինը համաձայնեցան, որպէսզի պաղեստինցի զինուորները հեռանան սահմանային շրջաններէն, մինչ կառավարութիւնը եւ «Յանձնառու ուժեր»ը պիտի համագործակցէին Լիբանանի անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ Սակայն 1982 թուականի Իսրայէլի բանակի ներխուժումէն եւ Լիբանանի հարաւի բռնագրաւումէն ետք, կառավարութիւնը չկարողացաւ երկարաձգել «Յանձնառու ուժեր»ու իրաւազօրութիւնը եւ անոնց գոյութիւնը գործնականօրէն վերջ գտաւ։ Սակայն, սուրիական զօրքերը մնացին երկրին մէջ՝ բացէ ի բաց հաստատելով Սուրիոյ վերահսկողութիւնը, որ յետագային ճանչցուեցաւ իբրեւ սուրիական հովանաւորութիւն Լիբանանի վրայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 23, 2026