Կիրակի 6, Յուլիս 2025
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Սուրիոյ մայրաքաղաքը Դամասկոսի մէջ երէկ շատ ցաւալի ու նոյնքան մտահոգիչ դէպք մը պատահեցաւ։ Տեղւոյն Ս. Եղիա (Մար Էլիաս) Յոյն Ուղղափառ եկեղեցին ենթարկուեցաւ ահաբեկչական յարձակման։ Դէպքը խլեց բազմաթիւ զոհեր, կան նաեւ վիրաւորներ։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Բերիոյ թեմի առաջնորդարանը դատապարտեց կիրակնօրեայ աղօթքի ժամանակ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը։
Երկուշաբթի, Յունիս 23, 2025