ԱՇԽԱՐՀ ՓՈՒՇԻ ՎՐԱՅ. ԱՄՆ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԵՑԱՒ ԻՐԱՆ-ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ
Իսրայէլ-Իրան պատերազմը շաբաթավերջին ա՛լ աւելի ծանրակշիռ փուլ մը թեւակոխեց։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ալ ներգրաւուեցաւ պատերազմին։ ԱՄՆ, որ առաջին իսկ օրէն Իսրայէլի կողքին դիրք գրաւած էր, ռմբակոծեց Իրանը։ Ամերիկեան զօրքերը թիրախաւորեցին Իրանի ստորգետնեայ հիւլէակայանները։ Իրանն ալ ծանր հրթիռներով ռմբակոծեց Իսրայէլը։ Թէեւ կողմերու կրած վնասները, ըստ էութեան, անբաղդատելի կը համարուին, սակայն, Իսրայէլի բաւական յաւակնոտ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգն ալ արդէն դարձած է խոցելի։
Թուրքիա անմիջապէս արձագանգեց այս իրադարձութեան։ Անգարա խոր մտահոգութեամբ միջազգային հաւաքականութիւնը զգուշացուց աղէտի մը դէմ։ «Տարածաշրջանի հակամարտութիւնը կրնայ տեղափոխուիլ համաշխարհային հարթութիւն։ Մեր մաղթանքն է, որ այս աղէտի բեմագրութիւնը իրականութեան չվերածուի», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ մասնակցեցաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովին, որու շրջանակներէն ներս ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Ան այսօր ալ Մոսկուայի մէջ կը մէկտեղուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։