ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԱՅԼԵՒՍ ՀԱՍՈՒՆՑԱԾ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ, ուր վերջին օրերուն կազմակերպուած էին Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) եւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթաժողովները։

Փաշինեանի հետ հանդիպման սկիզբին Փութին նշեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացում կ՚արձանագրեն։ Այսպէս, Հայաստան-Ռուսաստան առեւտրաշրջանառութիւնը կանոնաւորուած է։ Այս տարուայ առաջին ինն ամիսներուն այդ ծաւալը համապատասխանած է 4,5 միլիառ ամերիկեան տոլարի։ Թէեւ 2024 թուականին այդ ծաւալը գերազանցած էր 11 միլիառ ամերիկեան տոլարի սահմանը, սակայն, Փութինի խօսքով՝ այս տարուանն ալ լաւ ցուցանիշ մըն է եւ հիմք կու տայ կարծելու, թէ մօտաւոր ապագային կ՚աւելնայ։ Ներածական խօսքին մէջ Փութին անդրադարձաւ նաեւ ուժանիւթի ոլորտին՝ մանաւանդ աթոմային ուժանիւթին։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս տեղի կ՚ունենան շատ կարեւոր եւ, բարեբախտաբար, դրական զարգացումներ։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած խաղաղութիւնը նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ Հայաստան-Ռուսաստան երկկողմանի յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման տեսակէտէ։ Վարչապետը անդրադարձաւ Ռուսաստանի կարաւաններու՝ Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան ուղեւորուելուն, ինչ որ պատմական իրադարձութիւն կը համարուի։ Փաշինեանի խօսքով՝ պահը արդէն հասունցած կը համարուի, որպէսզի Հայաստանի երկաթուղիներու որոշ հատուածներու վերականգնման օրակարգը յառաջ մղուի։ Խօսքը յատկապէս կը վերաբերի երկաթուղիի այն հատուածներուն, որոնք Հայաստանը կը կապեն Ատրպէյճանին, Ատրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ հետ։ Այս բոլորին շուրջ կ՚ընթանան բաւական աշխոյժ քաղաքական գործընթացներ։ «Չեմ կրնար ըսել, որ հիմա արդէն կան քաղաքական որոշումներ այդ երկաթուղիներու վերաբացման համար։ Բայց, կը կարծեմ, թէ իրավիճակը այնքան հասունցած է, որ անհրաժեշտ է նախապատրաստական աշխատանքներ իրականացնել», նշեց, Փաշինեան։ Ի լրումն այս բոլորին՝ վարչապետը մատնանշեց, որ TRIPP նախագիծը ունի բազմաթիւ նրբերանգներ, որոնք կ՚առընչուին երկկողմանի յարաբերութիւններուն հետ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2025