ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Թուրքիա-Սուրիա առանցքին վրայ կը շարունակուին բախտորոշ իրադարձութիւնները։ Անգարա եւ Դամասկոս հերթական բեկումնային պահը կը դիմագրաւեն՝ քանի միայն շուրջ շաբաթ մը մնացած է՝ 10 Մարտի համաձայնութեան ժամկէտի աւարտին։ Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու միջեւ ձեռք բերուած է այդ համաձայնութիւնը, որ Անգարայի տեսակէտէ լուրջ նշանակութիւն ունի, սակայն, կաղացումներով կ՚ընթանայ։
Երէկ, Թուրքիայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Դամասկոս, ուր քննարկուեցան համապատասխան հարցեր։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր եւ ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն ընդունուեցան Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարայի կողմէ՝ ներկայութեամբ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու։ Կողմերը այս փուլին կը ձգտին վերահաստատել իրենց վճռակամութիւնը, սակայն, դաշտի վրայ կան որոշ հարցեր։ Երէկ, Հալէպի մէջ Սուրիոյ բանակին եւ քիւրտ զինեալներու ողնայարող ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ տեղի ունեցան բախումներ։ Թէեւ շուտով հրադադար հաստատուեցաւ, սակայն, արդէն բոլորին ծանօթ են խնդիրներու որոշ ծալքերը։ 10 Մարտի համաձայնութիւնը, ըստ էութեան, կեանքի չէ կոչուած, իսկ Անգարա կը յամառի, որ այդ մէկը անպայման գործադրուի։ Փաստաթուղթը կը նախատեսէ, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը մասնակցին երկրի բանակին եւ յանձնեն իրենց կողմէ վերահսկուած ռազմական կառոյցները։ Հաքան Ֆիտան նշեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը մտադիր չեն շատ յառաջխաղացում արձանագրելու։ Աւելին, այդ ուժերը Իսրայէլի հետ համակարգմամբ կը ծաւալեն իրենց գործունէութեան որոշ երեսակները։
Այս համայնապատկերին վրայ կը բիւրեղանայ Անգարայէն Դամասկոս տրուած այցելութեան նշանակութիւնը։