ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը այսօր ջերմօրէն կ՚ողջունէ թերթիս աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանցի ծննդեան յիսնամեակը: Այս յոբելեանը բացառիկ նշանակութիւն ունի, արդարեւ, Անուշ Թրուանց մեր այն աշխատակիցներէն է, որ բառին բուն իմաստով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներու սիրտը գրաւած է: Անուշ Թրուանց, որ երկար տարիներէ ի վեր թերթիս կ՚աշխատակցի Երեւանէն, արդէն սփիւռքահայ մամուլէն ներս դարձած է եզակի գրիչ մը, որու բեղուն արտադրութիւնը ուշադրութեան կ՚արժանանայ բոլոր հարթութիւններու վրայ: Թէ՛ իր արծարծած նիւթերով եւ թէ հաղորդական ոճով, սուր դիտարկումներով եւ սկզբունքային կեցուածքով, հայկական արժէքներու նկատմամբ բծախնդրութեամբ, Անուշ Թրուանց անվիճելիօրէն կը դասուի իր սերունդի եզակի գրիչներու շարքին:
Հայ մամլոյ արդի պատմութեան մէջ Անուշ Թրուանցի արտադրանքը եւ մարմնաւորած կերպարը միանշանակ արժանի են բարձր գնահատանքի եւ կարեւոր դիտարկումներու, ինչպէս նաեւ խորհրդածութիւններու դուռ կը բանան: Արդարեւ, ան ծնած է Հայաստանի մէջ եւ, ըստ էութեան, արեւելահայերէնով արտադրել սկսած է: Աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի Լրագրութեան ֆաքիւլթէն։ Յամենայնդէպս, հարս գացած է Լիբանան եւ Պէյրութի կեցութեան տարիներուն արդէն սկսած է արտադրել նաեւ արեւմտահայերէնով՝ հետզհետէ ընտելանալով նաեւ մայրենիի այս տարբերակին: Պէյրութի տարիներէն վերջ, Անուշ Թրուանց ընտանիքին հետ դարձեալ վերադարձած է Հայաստան՝ այս անգամ հաստատուելով Երեւան: Իր ծննդավայրէն՝ Խնձորեսկէն, Գորիս, Պէյրութ եւ Պէյրութէն Երեւան՝ կեանքի այս բոլոր հանգրուաններուն ան չէ դադրած արտադրելէ եւ մայրենիի երկու տարբերակներով ալ արտադրելու ընդունակութիւն ձեռք բերած է: Միայն այս հանգամանքը անգամ բաւարար է՝ Անուշ Թրուանցը անկեղծօրէն ծափահարելու համար: Արդարեւ, հայ իրականութեան մէջ երկար ժամանակէ ի վեր արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի խնդիրները շատ սուր դրուածքով կ՚արծրածուին եւ անոնք, որոնք այդ երկու տարբերակներէն մէկով կ՚արտադրեն, միւսը վանելու կամ բացառելու՝ զարմանալիօրէն ծայրայեղական մօտեցումներու հետամուտ կ՚ըլլան: Այս առումով Անուշ Թրուանցի մարմնաւորած կերպարը ինքնին կը վկայէ, թէ հայերէնի վերաբերեալ բոլոր խնդիրներու լուծումը ոսկէ միջինի մը մէջ է՝ մանաւանդ լեզուի երկու տարբերակներն ալ հարազատ նկատելու եւ երկու տարբերակներն ալ համադրելով, համալրելով արդի խնդիրներուն լուծումներ որոնելու տեսակէտէ:
Անուշ Թրուանցի ստորագրութեամբ երկար տարիներէ ի վեր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակներուն մէջ կը հրապարակուին հարցազրոյցներ, այլ նիւթեր, հրապարակագրական եւ հայկական ընկերամշակութային օրակարգի վերաբերեալ զանազան յօդուածներ, որոնք միշտ ալ լայն լսարաններու ուշադրութեան կ՚արժանանան: Ան դարձած է հեղինակ մը, որու գրածները առաւել չափով կ՚արտատպուին սփիւռքեան զանազան լրատուամիջոցներու կողմէ՝ քանի Անուշ Թրուանց կը յաջողի իր արծարծած նիւթերով եւ մօտեցումներով ստեղծել հասարակաց յայտարարներ, որոնց հիման վրայ կարելի է առողջ դիտարկման ենթարկել հայկական մշակութային օրակարգը, ծայրայեղութիւններու յորձանուտէն հեռու մնալով խնդիրենրը շօշափել եւ մերօրեայ իրականութեան եւ հայ ժողովուրդի այսօրուան ներուժին համապատասխան համայնապատկերի մը վրայ ցոլացնել ամէն ինչ:
Իր հրապարակագրական եւ մտաւոր գործունէութեան զուգահեռ, Անուշ Թրուանց ընտանեկան տիպար մայր մըն է: Հայկական նահապետական ընտանիքի յարիր իգական սեռի ներկայացուցիչ մըն է ան, որ կը գուրգուրայ իր ընտանիքին՝ մանաւանդ երկու սիրասուն որդիներուն վրայ: Անուշ Թրուանց ամուսնացած է թերթիս սիւնակագիրներէն Սագօ Արեանի հետ:
Յոբելեանի բերկրալի առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրելի գործընկերուհի Անուշ Թրուանցը, որուն կը մաղթենք մշտադալար գրիչ եւ նորանոր նուաճումներ, նաեւ արեւշատ եւ քաջառողջ կեանք: