ՉՎՏԱՆԳԵԼ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 16-21 յունիսին, Արարատեան շաբթուայ տօներու օրերուն, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միաբանական համագումար, որու աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Վերջին շրջանին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ հրահրուած հակաեկեղեցական արշաւին առընչութեամբ միաբանական 9-րդ համագումարի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ վարդապետական դասը շեշտեց, որ հաւատարիմ է իր սուրբ ուխտի եւ իր որդիական սէրն ու անվերապահ նուիրումը կը հաւաստէ Հայ Եկեղեցւոյ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ։ Յայտարարութեան մէջ, ըստ էութեան, արձանագրուած է հետեւեալը.

-Անսասան մնալ սուրբ եւ ճշմարիտ հաւատքի մէջ՝ որպէս նուիրեալ եւ հաւատարիմ զաւակներ Մայր Եկեղեցւոյ, չտրուելով չարահնար սադրանքներու եւ անցողիկ ապազգային դրսեւորումներու, պահպանել ողջախոհութիւնը, բարեկրթութիւնը եւ պարկեշտութիւնը։

- Պաշտպանել հայերիքի եւ եկեղեցւոյ բարձրագոյն արժէքները՝ վեր դասելով զանոնք անձնական եւ խմբային շահերէ ի նպաստ ազգի ու պետութեան միասնութեան եւ անդորրի։

- Ամուր կանգնիլ ազգային ինքնութեան հիմքերու վրայ, պահպանել ազգային-հոգեւոր դիմագիծը, միասնաբար յաղթահարել արտաքին եւ ներքին վտանգներն ու սպառնալիքները։

Բաց աստի, Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղղուած է հետեւեալ կոչը.

- Դադրեցնել Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ ամբողջ հոգեւորական դասու դէմ յարձակումները, որոնք ո՛չ միայն կը վիրաւորեն հաւատաւոր հայորդիներու հոգեւոր ու կրօնական զգացումները, այլեւ կը վտանգեն հասարակական համերաշխութիւնը եւ կրնան յանգեցնել ծանր հետեւանքներու՝ վնասելով մեր ժողովուրդի եւ պետութեան անվտանգութիւնը։

- Մեր տարածաշրջանէն ներս առկայ ռազմական գործողութիւններու պայմաններուն ներքեւ անհրաժեշտ է ամբողջական պատասխանատուութեամբ լծուիլ պետութեան առջեւ ծառացած անվտանգային լրջագոյն մարտահրաւէրներու դիմագրաւման՝ ներառեալ հասարակական ներքին համերաշխութեան եւ ազգային միասնութեան պահպանումը՝ ի նպաստ մեր ժողովուրդի բարեկեցութեան։

- Հետեւողականօրէն աջակցիլ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընկերային հիմնախնդիրներու լուծման, նաեւ ձեռնարկել միջոցներ պահպանման համար Արցախի պատմական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան, որ այսօր կանգնած է ոչնչացման վտանգի առջեւ։

Երեքշաբթի, Յունիս 24, 2025