Հինգշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2025
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՈՍՏՈՒՄԻ ՍՊԱՍՈՒՄ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան առընթեր Զբօսաշրջութեան կոմիտէի տարեկան ամփոփիչ հաւաքը։ Հանդիսաւոր ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսուին շատ մեծ ներդրումներ՝ Հայաստանէ ներս այս բնագաւառը խթանելու համար։ Ներդրումները, ըստ էութեան, պիտի ուղղուին զբօսաշրջական զանազան կառոյցներու բարելաւման նպատակին։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025