ՆԱԹՕ-Ի ԿԱՐԵՒՈՐ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ. ԷՐՏՈՂԱՆ-ԹՐԱՄՓ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Իսրայէլ-Իրան պատերազմով պայմանաւորուած ծանր ու մտահոգիչ իրավիճակին մէջ, երէկ, Հոլանտայի տանտիրութեամբ, Լախէյի մէջ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որու շրջանակներէն ներս Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Մինչ դաշինքի անդամ երկիրներու ղեկավարները արժեւորեցին տագնապալի կացութիւնը, Էրտողանն ու Թրամփն ալ գագաթաժողովի ծիրէն ներս եօթ տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ տեսակցեցան դէմ դիմաց։ 

Թրամփի ջանքերով Իսրայէլ եւ Իրան հաւանութիւն տուած են հրադադար հաստատելու եւ ամբողջ միջազգային հաւաքականութիւնը ներկայիս կ՚ակնկալէ այս նախաձեռնութեան յաջողութեամբ պսակուիլը։ Թէեւ թէ՛ Իսրայէլէն եւ թէ Իրանէն խախտումներու մասին կը հասնին մտահոգիչ լուրեր, սակայն, ըստ երեւոյթին, փոխադարձ յարձակումներու թափը իջած է։ 

Նախագահ Էրտողան ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին կոչ ուղղեց, որպէսզի կողմերը ամբողջութեամբ հնազանդին հրադադարին։ «Մեր տարածաշրջանին տեսակէտէ տանելի չէ այս պատերազմը, որու ազդեցութիւնը զգալի պիտի դառնայ ամբողջ աշխարհի մէջ», ըսաւ Էրտողան, որու ընկերակից պատուիրակութեան մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն, իր արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդականը՝ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ եւ նախագահականի հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն։ 

Միւս կողմէ, Լախէյի մէջ գագաթաժողովին զուգահեռ տեղի ունեցաւ՝ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ֆորում մը, որու ատենախօսներու շարքին էին ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագհա Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն։ Այս առթիւ Ռութէ նշեց, որ ուխտի երկիրները պաշտպանական արտադրութեան տեսակէտէ պէտք չէ զիջեն Ռուսաստանին։ Ուստի, Եւրոմիութեան երկիրները այս ուղղութեամբ պէտք է համագործակցին Թուրքիոյ նման ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներուն հետ։ «Այսօր ՆԱԹՕ-ի ռազմական գերակայութիւնը սպառնալիքի կ՚ենթարկուի Ռուսաստանի կողմէ, որ թափով կը վերազնուի՝ Չինաստանի թեքնոլոժիով խրախուսուած, Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի զէնքերով օժտուած», ըսաւ ընդհանուր քարտուղարը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 25, 2025