ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐԻ ՍԽԱԼ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ
Քաղաքականութեան մէջ սխալ հաշուարկներու հետեւանքները երբեմն մէկ անգամէն չեն երեւար։ Բերեմ երկու օրինակ։ Փաշինեան կը դիմէ Եւրոմիութեան, որպէսզի այդ կազմակերպութիւնը իրեն օգնէ վերարտադրել՝ իրավիճակը այնպէս մը ներկայացնելով, որ Ռուսաստան կը փափաքի զինքը գահընկէց ընել։ ԵՄ-ի դիւանակալները՝ շատ լաւ իմանալով, որ այդպէս չէ, կը ձեւացնեն, թէ կը հաւատան անոր եւ կ՚օգնեն՝ իրենց միութեան եւ իրենց երկիրներու շահերէն ելնելով։ Բայց, այս պարագային կարեւոր չէ, թէ Փաշինեան որո՞ւ դիմած է, որո՞ւ դէմ։ Նոյն յաջողութեամբ, իր աթոռը պահելու համար ան կրնայ դիմել Ռուսաստանին՝ ընդդէմ ԵՄ-ի կամ Զանզիպարին՝ ընդդէմ Պուրքինա Ֆասոյին։ Այստեղ կարեւոր է, որ մեծ տէրութիւններու հակասութիւնները անոնց միջեւ առկայ ահաւոր ճեղքուածքը ան կը բերէ մեր տուն։
Պետութեան համար սա, անշուշտ, վատ է։ Իսկ իշխանութեա՞ն համար։ Կարճաժամկէտ առումով, կը կարծեմ, ձեռնտու է՝ համառուսական եւ «խաղաղասէր» հռետորաբանութիւնը կրնայ օգնել վերարտադրութեան։ Բայց, այդ ազդեցութիւնը ժամանակաւոր է։ Ի՞նչ կ՚ըլլայ, երբ Ուքրայնայի մէջ պատերազմը աւարտին, երբ ԵՄ-ի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները սկսին կարգաւորուիլ։ Իսկ սա վաղ թէ ուշ տեղի կ՚ունենայ։ Ոչ ոք կը սիրէ «կօշիկ լզողները»։
Նոյնը՝ եկեղեցւոյ դէմ արշաւ։ Մէկ կողմէ, ի հարկէ, անձնական «կծու» մանրամասնութիւնները եւ «թալանճի տէրտէրներու» մասին խօսակցութիւնները կը շոյեն լիւմփենի ականջը եւ գուցէ կը բարձրացնեն Փաշինեանի հեղինակութիւնը, միւս կողմէ՝ հակառակ բեւեռին մէջ նոյնպէս տեղի կ՚ունենայ համախմբում։ Չեմ գիտեր՝ ուիշներուն պարագային ինչպէս է, բայց, ինձ համար եկեղեցւոյ վրայ յարձակումը քաղաքական խնդիր չէ (թէեւ պարզ են իշխանութեան նաեւ քաղաքական շարժառիթները)։ Բայց, ինձ համար Մայր Աթոռը եւ Վեհափառը պաշտպանող դաշնակցականը, ՔՊ-ականը, ՀՀԿ-ականը, «Սասնայ ծուռը» բոլորը իմ եղբայրներն են եւ հարազատները։ Այնպէս որ, այստեղ նոյնպէս քաղաքական հաշուարկը մարտավարութեան տեսակէտէ թերեւս ճիշդ է, սակայն, երկարատեւ հեռանկարի առումով՝ սխալ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի