ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԿԱՆԱՆՑ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ
Երէկ, Ֆէրիգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ կանանց բողոքի ցոյց մը, որ համախմբեց հոծ թիւով ցուցարարներ։ Իսթանպուլի մէջ վերջին օրերուն պատահած դէպք մը եկաւ հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերել կանանց սպանութիւններու, իգական սեռի ներկայացուցիչներու ոճրագործութիւններու հիմնախնդիրը, որ երկար ժամանակէ ի վեր չսպիացած վէրք մը կը համարուի։ Դէպքերու յարատեւութիւնը իւրաքանչիւր քայլափոխին հանրային կարծիքի պոռթկումը կը բազմապատկէ։
Էօզպեքիստանի քաղաքացի Տուրտոնա Խոքիմովա վերջին օրերուն սպաննուեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Դէպքը ողբերգութեան համեմատութիւններու հասաւ՝ քանի անոր անշունչ մարմինը մասնատուած ձեւով, պայուսակի մը մէջ տեղափոխուեցաւ Իւմրանիէէն Շիշլի։ Ոստիկանութեան աղբիւրները պարզեցին այս ոճրագործութեան մանրամասնութիւնները, ըստ որոնց՝ Խոքիմովա Իւմրանիէի մէջ սպաննուեցաւ եւ աւելի վերջ իր անշունչ մարմինը մասնատուած ձեւով տեղափոխուեցաւ Ֆէրիգիւղի Քույուլուպաղ փողոցը։ Դէպքէն վերջ երկու կասկածեալ Իսթանպուլի օդակայանին մէջ ձերբակալուեցաւ՝ Վրաստան մեկնել փորձելէ անմիջապէս առաջ։ Այս պահու դրութեամբ երեք հոգի հսկողութեան տակ առնուած է այս ոճրագործութեան բերումով եւ ըստ հրապարակուած տուեալներուն՝ ոճրագործութիւնը ծնունդ առած է սիրոյ յարաբերութեան մը հետեւանքով։
Ցնցիչ այս սպանութեան հետեւանքով, երէկ, Ֆէրիգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ լայն մասնակցութեամբ բողոքի ցոյց մը։ Կանանց կազմակերպութիւններ ահազանգ հնչեցուցին Տուրտոնա Խոքիմովայի սպանութեան կապակցութեամբ։ Բողոքի երթը սկսաւ Քուրթուլուշի պողոտայէն եւ ցուցարարները քալելով մուտք գործեցին՝ նախ Պարութհանէ փողոցը, իսկ աւելի վերջ հասան Քույուլուպաղ փողոցը։ Ցոյցի մասնակիցները պաստառներ ի ձեռին կ՚արտայայտէին իրենց հակազդեցութիւնը՝ մինչ անոնց անունով մամլոյ յայտարարութիւն մըն ալ ընթերցուեցաւ։ Ցուցարարներու կոչն էր՝ կասեցնել կանանց սպանութիւնները։ Պաստառներու վրայ ընդգծուած էր, որ կանանց սպանութիւնները ունին քաղաքական բնոյթ։ Բողոքարարները հետամուտ էին կանանց ազատ ու անվտանգ կեանքին։
Բողոքի ցոյցի ուղղութեան վրայ բնակիչներն ալ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցին բողոքարարներու կողմէ բարձրացուած ձայնը։