ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ.  ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳԸ ՇԱՏ ՀԱՐՈՒՍՏ Է ՈՒ ՄԻՇՏ ԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵԼԻ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՀԱՐՑԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ռուսաստանի մէջ աթոմային արդիւնաբերութեան սկիզբին 80-ամեակին առթիւ կազմակերպուած «Համաշխարհային աթոմային ուժանիւթի շաբթուան» շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը։ Փաշինեանն ալ հրաւիրուած էր այս յոբելենական հաւաքին, որ առիթ դարձաւ Փութինի հետ երկկողմանի հանդիպման։ Անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ հրապարակուած համաձայնութիւններէն վերջ առաջին անգամ դէմ առ դէմ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Փաշինեանի եւ Փութինի միջեւ, Շանկհայի միջազգային կազմակերպութեան՝ Չինաստանի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովէն վերջ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ, Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Փութին նշեց, որ Հայաստանէ ներս երկար ժամանակէ ի վեր կը գործէ աթոմային ելեկտրակայանը, որ կ՚ապահովէ երկրի ելեկտրական ուժանիւթի կարիքի 30 տոկոսը։ Այդ մէկը կը կառավարուի «Ռոսաթոմ»ի կողմէ եւ ռուսական ընկերութիւնը այժմ կ՚աշխատի կայանի գործունէութեան ժամկէտի երկարաձգման ուղղութեամբ։ Ուստի, Փութին լիովին տրամաբանական համարեց Փաշինեանի ներկայութիւնը՝ Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած համաժողովին։ Ան նշեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները լաւ կ՚ընթանան եւ անցեալ տարի առեւտրաշրջանառութիւնը արձանագրեց մրցանիշ մը։ «Յարաբերութիւնները կը զարգանան նաեւ միւս բոլոր ուղղութիւններով, մենք միշտ ունինք խօսելու նիւթեր», ըսաւ ան։ 

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ աթոմային ուժանիւթի դերը շարունակ կ՚աճի եւ այդ մէկը համաշխարհային առումով արդէն կը համարուի կանաչ։ Հայաստանի տեսակէտէ ալ աթոմային ուժանիւթը շատ կարեւոր է։ Վարչապետն ալ հաստատեց, որ Հայաստան շատ արդիւնաւէտ կը համագործակցի «Ռոսաթոմ» ընկերութեան հետ։ 

«Ընդհանուր առմամբ, մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան ըստ նախատեսուածի», ըսաւ Փաշինեան եւ մատնանշեց, որ փոխադարձ առեւտրաշրջանառութեան մէջ այս տարի որոշակի անկում մը կը նկատուի, սա պայմանաւորուած է կարգ մը համաշխարհային գործընթացներու հետ։ Յամենայնդէպս, վարչապետը համոզուած է, թէ այս ուղղութեամբ աշխատելու հնարաւորութիւն կայ, որպէսզի այդ ծաւալի աճը շարունակուի։ «Ի հարկէ, մեր յարաբերութիւններու օրակարգը շատ հարուստ է եւ իսկապէս ունինք քննարկելու բազմաթիւ հարցեր», նշեց Փաշինեան։

Մոսկուա այցելութենէն քանի մը օր առաջ, իր գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան հերթական համաժողովի ելոյթին Փաշինեան անդրադարձած էր նաեւ Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններուն։ «Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու եղափոխութիւնը կը գնահատուի շատ օգտակար ու շինիչ», ըսած էր վարչապետը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2025