ԱԼԻԵՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱԱՐԸ
Երէկ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունեց Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաարը, որ այցելեց Պաքու։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ վերջին օրերուն Տաւոսի մէջ Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի նախագահներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման, որու ընթացքին քննարկուած էին օրակարգային հարցեր։ Զրուցակիցները ընդգծեցին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու յաջող զարգացումը զանազան ոլորտներէ ներս՝ ներառեալ առեւտրատնտեսական, ուժանիւթի, զբօսաշրջային եւ այլ ոլորտները։ Նշուեցաւ, որ գիւղատնտեսութեան, ջրային պաշարներու կառավարման եւ բարձր փորձագիտութիւններու, ներառեալ՝ արհեստական բանականութեան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ զանազան մակարդակներու վրայ փոխադարձ այցելութիւններու եւ շփումներու նշանակութեան՝ համագործակցութեան խորացման առումով։ Նշուեցաւ նաեւ միջկառավարական յանձնաժողովի դերը եւ ընդգծուեցաւ, որ վերջերս տեղի ունեցած է յանձնաժողովի հերթական նիստը։
Սաար յայտնեց, որ Պաքուի շփումներուն ընթացքին իրեն ուղեկցած են գործարար շրջանակներէ ներկայացուցիչներ։ Ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի գործարար ֆորումը կը նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման։
Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցերու շուրջ։