Երեքշաբթի 27, Յունուար 2026
ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ԵԽԽՎ-Ի ՓՈԽ-ՆԱԽԱԳԱՀ
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ընտրուեցաւ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) փոխ-նախագահ։ Ան ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավարն է եւ Հայաստանին վիճակած քոթայով ընտրուեցաւ ԵԽԽՎ-ի փոխ-նախագահ։
Հարկ է նշել, որ Ռուբէն Ռուբինեան, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցային գործընթացէն ներս։
Երեքշաբթի, Յունուար 27, 2026