ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԱՆՑԱԿԷՏ
Հայաստանի տնտեսութեան փոխ-նախարար Անուշիկ Աւետիսեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը կրնայ ունենալ արագ, գործնական ու դրական ազդեցութիւն երկրի տնտեսութեան վրայ։
Ներկայ տարեմուտին Հայաստան գործնական քայլեր կ՚առնէ՝ Թուրքիոյ հետ ցամաքային սահմանի բացման փուլին պատրաստուելու համար։ Ծանօթ է, որ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի ցամաքային սահմանը բացուի՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերու համար։ Այս պայմանաւորուածութիւնը թէեւ երկար ժամանակ առաջ գոյացած է, սակայն, կ՚ակնկալուի, որ ներկայ տարեմուտին կեանքի կոչուի գործնականօրէն։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ հայկական կողմը Մարգարայի անցակէտի պարագային խտացուցած է աշխատանքները։ Երէկ, Մարգարայի անցակէտը այցելեցին՝ Անուշիկ Աւետիսեան, Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի փոխ-նախագահ Ռաֆայէլ Գէորգեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան Սահմանապահ զօրքերու Սահմանային վերահսկողութեան ջոկատի պետ Ռոպերթ Ղարսոյեան։ Այս երեք բարձրաստիճան պաշտօնատարները, ուղեկցութեամբ այլ պատասխանատուներու, շրջայց մը կատարեցին Մարգարայի ցամաքային անցակէտին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի կողմէ Մարգարայի անցակէտին դիմացը կը գտնուի Թուրքիայէն Ալիճան անցակէտը, Իգդիր։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին փոխ-նախարար Անուշիկ Աւետիսեան դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ հետ ցամաքային սահմանի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար բացուիլը առաջին հերթին պիտի աւելցնէ դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան հոսքերը։ Իր կարգին, Ռաֆայէլ Գէորգեանն ալ նշեց, որ Մարգարայի անցակէտը արդէն պատրաստ է շահագործման։
Հարկ է նշել, որ հայկական կողմը մաքսակէտը օժտած է անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով՝ մանաւանդ թեքնիք յագեցուածութեամբ ու վերազինուած բոլոր անհրաժեշտ սարքաւորումներով՝ թէ՛ ուղեւորներու եւ թէ բեռնափոխադրումներու համար։ Արդէն կատարեալ վիճակի մէջ կը գտնուի անցակէտը, ուր կը նախատեսուի շուրջօրեայ ծառայութիւն մատուցել։
Թուրքիոյ հետ ցամաքային սահմանի բացումը Հայաստանի արտահանման տեսակաւորման օրակարգին առումով կը ներկայացնէ լուրջ նշանակութիւն։ Հայաստանի կառավարութիւնն ալ ռազմավարական նպատակ որդեգրած է, որպէսզի երկիրը վերածէ տարածաշրջանային լոժիսթիք հանգոյցի մը։
Միւս կողմէ, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ յայտարարեց, որ տարածաշրջանէ ներս ստեղծուած այլընտրանքային միջանցքները սպառնալիք չեն ստեղծեր իր երկրով տարանցումներու տեսակէտէ։