ՄԻԱՄԻՏՆԵՐԸ

Մարդկային յարաբերութիւններու բազում երեսակները կը վերաբերին վստահութեան կառուցման։ Իւրաքանչիւրը, առաջին հերթին, կը ձգտի չխաբուիլ, չյուսախաբուիլ։ Ամէն մարդ ինքնուրոյն ձեւեր ունի ինքզինք ապահովագրելու համար։ Որքան ալ ենթակայական ըլլան՝ դիտարկումները եզակի տեղ ունին այդ գործին մէջ։ Ըստ էութեան, յարաբերութենէ խուսափիլը յարմարագոյն ձեւը չէ ռիսքերու դէմ ապահովագրուելու համար։

«Կանոնը հետեւեալն է. ճշմարտախօսը միայն կը պատմէ, իսկ ստախօսը կը ջանայ համոզել», կ՚ըսէ Նաւարօ։

Երանի՜ ամէն ինչ կանոնակարգուած ըլլար աշխարհի վրայ, սակայն, սա արդէն բոլորովին տարբեր հարց՝ մա՛նաւանդ ազատութիւններու կիրքին առումով… Հապա ինչպէ՞ս դիրքաւորուիլ միամիտներու պարագային։

Երեքշաբթի, Յունուար 27, 2026