Կիրակի 6, Յուլիս 2025
ԵՐԵՒԱՆ-ՓԵՔԻՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Դէպի Փեքին այցելութեան շրջանակներէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունուեցաւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եիի կողմէ։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ երկու երկիրներու դիրքորոշումը իրերանման են միջազգային օրակարգի բազմաթիւ հարցերու պարագային։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վան Եի նշեց, որ Փեքին պատրաստ է Երեւանի հետ ամրապնդել բարեկամութիւնը, խորացնել վստահութիւնն ու ընդլայնել համագործակցութիւնը։
Միւս կողմէ, Փեքինի մէջ Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցաւ նաեւ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նուրլան Երմեկպայեւի հետ։ Քննարկուեցան այս կազմակերպութեան եւ Երեւանի միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան երկխօսութեան վերաբերեալ զանազան նիւթեր։
Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025