ՓԱՐԻԶ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ԱՌԱՆՑՔԻ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԸ
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հիւրընկալեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոն։ Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութիւնները մանրամասն քննարկման ենթարկուեցան բանակցութիւններու ընթացքին։ Անգարա-Փարիզ առանցքին վրայ արժեւորուեցան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի խնդիրները։
Հաքան Ֆիտանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ժան-Նոէլ Պարրօ յայտնեց, որ Ֆրանսա կը խրախուսէ Հայաստան-Ատրպէյճան եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները։ Հայկական լրահոսին մէջ ալ լայն արձագանգ գտած են այս խօսքերը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս համատեսքին մէջ Պարրօ ընդգծեց պետութիւններու ինքնիշխանութեան շրջանակներէ ներս սահմաններու բացման կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանային կապերու աշխուժացման, ամրապնդման եւ բարգաւաճման համար՝ ի շահ բոլոր կողմերու։
Անգարայի բանակցութիւններուն ընթացքին կողմերը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները։ Հաքան Ֆիտան նշեց, որ թրքական կողմը կ՚ակնկալէ Մաքսային միութեան համաձայնութեան այժմէականացումն ու մուտքի արտօնութիւններու ազատականացումը։
Ֆիտան շեշտեց, որ երկու երկիրները թէ՛ ՆԱԹՕ-է ներս եւ թէ Եւրոպայի անվտանգութեան ուղղութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունին։ Ուստի, անոնց համագործակցութեան շնորհիւ կրնան ապահովուիլ բազում ձեռքբերումներ։
Իր կարգին, Պարրօ նշեց, որ Անգարա եւ Փարիզ սերտ շփման մէջ են՝ մինչ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն բոլոր նիւթերու շուրջ անմիջական շփման մէջ կը մնան։