ԷՐՏՈՂԱՆ-ԹՐԱՄՓ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան Անգարա-Ուաշինկթըն առացնքի վերջին կացութեան։ Անոնք շօշափեցին նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները, պաշտպանական արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի ոլորտի վիճակը, նաեւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթով հարցերու շուրջ։ Էրտողան եւ Թրամփ կանգ առին նաեւ Կազզէի Խաղաղութեան խորհուրդի գործունէութեան վրայ։

Էրտողան զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ քայլեր առնել ԱՄՆ-ի հետ համագործութիւնը զարգացնելու առաջադրութեամբ։ Իր խօսքով՝ յարաբերութիւններու բոլոր ուղղութիւններով զարգացումը նպաստաւոր է երկու երկիրներու շահերուն տեսակէտէ։ Հանրապետութեան նախագահը դիտել տուաւ, որ Թուրքիա հարեւան Սուրիայէ ներս հրադադարի եւ համարկման համաձայնութեան ամբողջութեամբ գործադրման նկատմամբ մեծ կարեւորութիւն կը ցուցաբերէ։ Այս հարցին շուրջ Անգարա Ուաշինկթընի եւ Դամասկոսի հետ համակարգը-ւած ձեւով գործընթացը յառաջ կը տանի։

Նախագահ Էրտողան զրոյցի ընթացքին մաղթեց, որ Կազզէի Խաղաղութեան խորհուրդը դրական գործունէութիւն ծաւալէ։ Արդարեւ, Կազզէի մարդկային աղէտի վերջ գտնելն ու վերակառուցումը տարածաշրջանէ ներս մշտական խաղաղութեան հաստատման առջեւ ճանապարհ պիտի հարթէ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 28, 2026