Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓԱՍՏԱԲԱՆ ՃԵՄ ՍՈՖՈՒՕՂԼՈՒՆ
Երէկ, երկար լռութենէ վերջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները անդրադարձան Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի համալիրի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու առաջադրութեամբ նախաձեռնուած դատական գործընթացին։ Անթիլիասէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ դատը ներկայիս կը գտնուի Վճռաբեկ ատեանի օրակարգին վրայ՝ նախապէս պահանջը մերժուած ըլլալով նախադատ զանազան ատեաններու կողմէ։
Ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ եթէ Վճռաբեկ ատեանն ալ մերժէ սոյն պահանջը, ապա յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ Սահմանադրական ատեանը, իսկ Թուրքիոյ մէջ ներքին հարթակներու սպառման պարագային դատը պիտի փոխանցուի Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեան։
Նոյն ծիրէն ներս, վերջին օրերուն, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը հիւրընկալած է փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլուն, որ այս դատին մէջ կը պաշտպանէ Անթիլիասի իրաւունքները։ Հանդիպման ներկայ գտնուած են նաեւ սոյն գործընթացի իրաւական յանձնախումբի այլ անդամները։
Անթիլիասի աղբիւրները դիտել տուած են, որ այս գործընթացի վերաբերեալ եթէ նոր իրադարձութիւններ ըլլան, ապա անոնց կապակցութեամբ տեղեակ պիտի պահուի հանրային կարծիքը։