ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ, բացի կեդրոնի իշխանութիւններէն, զինուելու հնարաւորութեամբ որեւէ նախաձեռնութիւն անընդունելի է։ «Ինչպէս ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), այնպէս ալ ՓՔՔ-ն համակարգէ դուրս պիտի ելլէ։ Կա՛մ իր իսկ փափաքով, խաղաղութեան մէջ եւ կամ այլ ճանապարհով դուրս պիտի գայ», ըսաւ ան։

Նախարար Ֆիտան շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Տոհա, ուր ընդունուեցաւ Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համիտ ալ Թանիի կողմէ։ Ան բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ շէյխ Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման ալ Սանիի հետ։

Տոհայի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հաքան Ֆիտան նշեց, որ Թուրքիա եւ Քաթար տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ անմիջական խորհրդակցութեան մէջ կը գտնուին։ Անոնց գործընկերութիւնը թէ՛ տարածաշրջանին եւ թէ տարածաշրջանի երկիրներուն ամրութիւն կ՚ապահովէ։

Տոհայի քննարկումներու ժամանակ օրակարգի վրայ եկած են Կազզէի կացութիւնն ու Սուրիոյ իրավիճակը։ Ֆիտան շեշտած է, որ Թուրքիա հաւատարիմ կը մնայ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան։ Անգարա կը կարեւորէ Դամասկոսի ղեկավարութեան յաւելեալ զօրակցութիւն ապահովելու պարագան եւ այս նիւթը խոշորացոյցի տակ առնուած է նաեւ Տոհայի ղեկավարութեան հետ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 28, 2025