Հինգշաբթի 10, Յուլիս 2025
ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս կը քննարկուին յստակ ոլորտներէ ներս համագործակցութեան հեռանկարները։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ երէկ բարձր մակարդակի շփում մը տեղի ունեցաւ՝ ուժանիւթի ոլորտէ ներս հաւանական համագործակցութեան հնարաւորութիւններու արժեւորմամբ։
Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ալփասլան Պայրաքտար երէկ, Իսթանպուլի մէջ ընդունեց Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանը։
Շաբաթ, Յունիս 28, 2025