ԷՐՏՈՂԱՆ-ՄԱՔՐՈՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկումներ կը ծաւալուին Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան՝ մանաւանդ Կազզէի ողբերութեան շուրջ։ Անգարայի եւ Փարիզի դիրքորոշումները հետզհետէ կը դառնան իրերանման եւ այս մթնոլորտին մէջ երէկ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Այս վերջինը նախօրէին տեղեկացուցած էր, որ յառաջիկայ սեպտեմբերին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ, որ Ֆրանսա կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը։ Այս յայտարարութեան անմիջապէս յաջորդեց Էրտողան-Մաքրոն զրոյցը։ Հանրապետութեան նախագահը սոյն որոշման համար շնորհաւորեց ֆրանսացի պաշտօնակիցը։

Էրտողան համոզուած է, թէ տարածաշրջանի մշտական խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է՝ երկու պետութեան հիմունքով լուծում մը։ Բաց աստի, Էրտողան ընդգծեց, որ Կազզէի մէջ մարդասիրական կացութիւնը կը ծանրանայ եւ միջազգային հանրութիւնը փութով պէտք է շարժման անցնի հրատապ լուծում մը գտնելու համար։

Իր կարգին, Մաքրոնն ալ ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարեց այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ իսրայէլցիներու եւ պաղեստինցիներու խաղաղութեան ու անվտանգութեան համար ամէն ինչ պէտք է ընել:

Երկուշաբթի, Յուլիս 28, 2025