ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ HACKATHON ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ

Հայաստանի բարձր թեքնոլոժիներու եւ արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան յայտնեց, որ ուսանողութիւնը երկրի նորարարութեան առաջամարտիկն է՝ ներկայանալով որպէս մեծ ուժ եւ առանձնայատուկ համայնք։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ծաղկաձորի մէջ այս օրերուն կ՚ընթանայ «Hackathon-2025»ը, որ կազմակերպուած է սոյն նախարարութեան կողմէ։ Հաւաքի ընթացքին ուշադրութեան առարկայ կը դառնան՝ մասնագէտներու պատրաստման ուղղութեամբ համալսարան-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան ծրագիրն ու գործնական հմտութիւններու կատարելագործման բաղադրիչը։

Նախարար Մխիթար Հայրապետեան շեշտեց, որ «Hackathon»ի ձեւաչափը իրեն համար շատ սիրելի է, ուստի իր գլխաւորած նախարարութիւնը վերջին վեց ամսուան ընթացքին այս ձեւաչափով քանի մը հաւաքոյթ կազմակերպած է։

Այս հաւաքին կը մասնակցի աւելի քան հարիւր հոգի՝ Հայաստանի զանազան ուսումնական հաստատութիւններէ։ Խմբային-աշխատանոցային ձեւաչափի մէջ լուծումներ կ՚որոնուին թեքնոլոժիի բնագաւառի վերաբերեալ բազմաբնոյթ խնդիրներու։ Ծրագիրը կ՚ընգրկէ նաեւ մասնագիտական սեմինարներ եւ քննարկումներ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 28, 2025