ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊ

Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ թէժ իրադարձութիւններու պայմաններուն ներքեւ Թուրքիա անմիջական ու սերտ կապի մէջ կը մնայ տարածաշրջանի երկիրներուն հետ։ Անգարա շահագրգիռ բոլոր կողմերուն հետ կը քննարկէ իրադարձութիւնները՝ մանաւանդ, որ Ուաշինկթընի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած է Խաղաղութեան խորհուրդի ծրագիրը։ Այս նախաձեռնութիւնը համաշխարհային հարթութեան վրայ ուշադրութեան առարկայ է՝ մինչ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամբողջ եռանդով կը ջանայ կեանքի կոչել այդ մէկը։

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆերհան էլ Սուուտի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ քննարկուեցան Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ Կազզէի խնդրի կարգաւորման ուղղեալ խաղաղութեան ծրագրի իրականացման մանրամասնութիւնները։

Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիվ Ուիթքոֆ վերջին օրերուն յայտարարած էր Կազզէէ ներս ԱՄՆ-ի խաղաղութեան ծրագրի երկրորդ փուլի սկիզբի մասին։ Այդ փուլը կ՚ընդգրկէ Պաղեստինի ինքնավարութեան ստեղծումը, «Համաս»ի ամբողջական զինաթափումը եւ հրադադարէն անցում դէպի տարածաշրջանի վերականգնումը։

Հինգշաբթի, Յունուար 29, 2026