Ուրբաթ 30, Յունուար 2026
ՆԱԻՐԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Երէկ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։ Հայաստանի ներկայացուցչութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Նաիրի Պետրոսեան Նորին Սրբութեան փոխանցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի ջերմ ողջոյններն ու բարեմաղթանքները։
Հինգշաբթի, Յունուար 29, 2026