Հինգշաբթի 31, Յուլիս 2025
ԹՈՔԱԵՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Այսօր, Անգարայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Ղազախիստան բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հինգերորդ ժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերտ Թոքաեւ այս առթիւ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Նախագահ Էրտողան «Էսենպողա» օդակայանին մէջ դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը, որուն հետ ունեցաւ ջերմ զրոյց մը։
Երկու նախագահներու գլխաւորութեամբ այսօր բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Պեշթեփէի համալիրէն ներս։
Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025