ՍԱՀՄԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ զարգացումներու կը սպասեն ո՛չ միայն Ատրպէյճանի, այլեւ Թուրքիոյ հետ սահմանին։
Վարչապետ Փաշինեան շաբաթավերջին Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի տարեվերջի ձեռնարկին ժամանակ ունեցաւ ելոյթ մը։ Այս առթիւ ան կանգ առաւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին վրայ։ Վարչապետը համոզուած է, թէ այդ մէկը յառաջիկային գործունէութեան մեծ դաշտ մը պիտի բանայ երկրին առջեւ։ Այս ամբողջին մէջ է նաեւ TRIPP ուղիի իրագործման գործնական փուլը։
«Մենք 2026 թուականին գործնական փուլ պիտի մտնենք, բայց, այս առիթը, ինչպէս ըսած եմ, պիտի օգտագործենք մեր բոլոր մաքսային կէտերուն թեքնիք եւ բովանդակային յագեցուածութեան բոլորովին նոր մակարդակի մը հասնելու համար։ Սա մեզի համար մարտահրաւէր է, բայց, միւս կողմէ ալ շատ մեծ հնարաւորութիւն, որովհետեւ մենք այսօր ժամանակակից բոլոր թեքնոբանութիւններուն հասանելիութեան հնարաւորութիւն ունինք եւ անոնք պիտի նպաստեն, որպէսզի աւելի որակով իրականացնենք մեր աշխատանքը», ըսաւ վարչապետը։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Փաշինեան ակնարկեց նաեւ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններուն։
Շաբաթավերջի յայտարարութիւններուն ժամանակ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ զարգացումներ կ՚ակնկալուին ո՛չ միայն Հայաստան-Ատրպէյճան, այլեւ Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ։ Վարչապետը շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ պէտք է տնտեսական լոժիստիք նոր կարողութիւններ ձեւաւորուին կազմակերպչական իմաստով։ Այս բոլորը, իր խօսքով, տնտեսութեան տեսակաւորութեան նոր հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ։