ՓՈՒՇԻ ՎՐԱՅ ՅՈՅՍԵՐ
Եւրոպական քաղաքական համայնքի՝ Քոփենհակի մէջ կազմակերպուած 7-րդ գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս թէ՛ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպումներ ունեցան Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Այս վերջինը տեղեկացուց, որ Փարիզ կ՚ակնկալէ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրի շուտափոյթ ստորագրումը։ Ֆրանսացի ղեկավարը այդ ստորագրութեան կը սպասէ՝ տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման համար անհրաժեշտ բոլոր քայլերով։
Փաշինեան երէկ Քոփենհակի մէջ ունեցաւ նաեւ այլ շարք մը հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւոր էր իր տեսակցութիւնը՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի եւ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ այս փուլին արժեւորուեցան՝ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ կազմակերպուած գագաթաժողովի արդիւնքները։ Եւրոպացի ղեկավարներուն հետ Փաշինեան շօշափեց նաեւ TRIPP նախագծի իրագործման հեռանկարները։ Եւրոպացի ղեկավարները վերահաստատեցին ԵՄ-ի շարունակական աջակցութիւնը՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական ու տնտեսական բարեփոխումներու օրակարգին ի նպաստ։
Քոփենհակի գագաթաժողովը հայկական կողմին տեսակէտէ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ։ Արդարեւ, Եւրոպական քաղաքական համայնքի յաջորդ՝ 8-րդ գագաթաժողովը նախատեսուած է Երեւանի մէջ, 4 մայիս 2026 թուականին, Հայաստանի հիւրընկալմամբ։ «Անհամբեր կը սպասենք յաջորդ գագաթաժողովը Հայաստանի մէջ հիւրընկալելու», ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։ Յամենայնդէպս, ստեղծուած լաւատես մթնոլորտով հանդերձ, Արարատ Միրզոյեան վերջերս Վարշաւիա կատարած այցելութեան ժամանակ, Լեհաստանի հեռուստակայաններէն մէկուն տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Ատրպէյճան յառաջ կը քշէ որոշակի նախապայմաններ, մենք չեն բաժներ այդ օրակարգը»։ Ան աւելցուց, որ խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումէն վերջ ալ Ատրպէյճան կը շարունակէ պահանջել Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։
Հարկ է նշել, որ այս գագաթաժողովին առթիւ Երեւան այցելելու հրաւէրներ պիտի ստանան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, ինչ որ այժմէն կ՚արծարծուի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ։