ՆԱԽԱՐԱՐ ՖԻՏԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Պրիւքսէլի մէջ է, ուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասի եւ ԵՄ-ի ընդլայնման գծով կոմիսար Մարթա Քոսի հետ։

Մարթա Քոս յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնն ու Թուրքիան պիտի աշխուժացնեն իրենց աշխատանքը՝ աջակցելու համար Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման։ 

Ֆիտան այսօր կը մասնակցի ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որու շրջանակներէն ներս նախատեսուած են նաեւ իր երկկողմանի հանդիպումները։ Բացի դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէէն, նախարարը ծրագրուած հանդիպումներ ունի Անգլիոյ եւ Սպանիոյ պաշտօնակիցներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2025