Ուրբաթ 30, Յունուար 2026
ԸՍՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ՊԷՏՔ Է ՄԻԱՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ TRIPP-ի շրջանակներէն ներս հարիւրաւոր միլիոններու արժողութեամբ ներդրումներ պիտի կատարուին երկրին մէջ։
Երէկուան կառավարութեան ժողովին յաջորդած ճեպազրոյցին ժամանակ վարչապետը զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան այս փուլին լրագրողներու նկատառման յանձնեց իր համոզումը, թէ ճիշդ կ՚ըլլայ, եթէ Հայաստանի ուժանիւթի համակարգը միանայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ուժանիւթի համակարգերուն։
«Հայաստան եւ Ատրպէյճան ունին ուժանիւթի աւելցուք, սա կը նշանակէ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ շատ մեծ ներուժ մը կայ՝ դէպի միջազգային շուկաներ հասանելիութիւն ստանալու համար», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։
Ուրբաթ, Յունուար 30, 2026