ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԵԾ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԸ
Միջազգային օրակարգին վրայ է այն հարցումը, թէ նոր Սուրիա մը պիտի ծնի՞: Ակնյայտ է, որ քիւրտերու հարցը մեծ մարտահրաւէր մըն է երկրի ղեկավար Ահմէտ Շարայի իշխանութեան համար: Հալէպէն մինչեւ Հասիչէ պատահած վերջին բախումները, յաջորդած իրադարձութիւններն ու համաձայնութեան հեռանկարը միշտ կը մնան այժմէական:
Հերթական անգամ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ աւազանը կը ցնցուի նորանոր տագնապներով. տագնապներ, որոնք խորքին մէջ անցնող տարիներու մեծ դէպքերու թողօններն են, որոնք մինչեւ այս պահը չեն լուծուած ու դժուար թէ անոնց լուծումը ապահովուի տեսանելի ապագային։ Խօսքը միայն Իրանի ցնցումնային բողոքներուն մասին չէ, այլ մասնաւորապէս՝ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։
Պեշար Էսատի անկման յաջորդած ժամանակաշրջանը, որ անցնող շաբաթներուն բոլորեց իր առաջին տարին, մտած է բաւական բարդ փուլ մը, որ կրնայ հանդիսանալ մեծ լուծումներու նախասկիզբի մը իսկական դուռը։ Կրնա՛յ դառնալ, որովհետեւ հակառակ Սուրիոյ ներկայ իշխանութիւններու միջազգային մեծ նեցուկին, տակաւին յստակ չէ, թէ նախագահ Ահմէտ Շարա արդեօք պիտի կարողանա՞յ լաւագոյնս ղեկավարել Սուրիան ու երկրին մէջ տիրական դարձնել տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային միասնութեան գերագոյն հարցերը։
Սուրիոյ այսօրուայ խնդիրներուն մասին խօսելով հարկ է, անշուշտ, հաշուի առնել, որ այդ երկրին մէջ կան, գոյակցած ու ապրած են ցեղային եւ կրօնական տարբեր խմբաւորումներ, որոնք յատկապէս Էսատի ժամանակներուն ապրած ու գոյատեւած են ծանր ճնշումներու տակ եւ ի գին մեծագոյն զոհողութիւններու: Ալեւիներու, սիւննիներու, շիիներու, տիւրզիներու, քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կողքին, Սուրիոյ հիմնական բաղադրիչներէն կը համարուին երկրի քիւրտերը, որոնք զանազան պատճառներով եւ յատկապէս՝ Սուրիոյ պատերազմական տարիներուն դարձան երկրի քարտէսի հիմնական խաղացողներէն։ Եւ, պարզ տրամաբանութեամբ, եթէ այսօր դիտարկենք ու հասկնանք, թէ ի՛նչ է ու ի՛նչ պիտի ըլլայ Շարայի իշխանութեան առաջնային ընելիքը, ապա մեր առջեւ պիտի բացուի քրտական զինուորական խմբաւորումներու ներկայութեան ու զանոնք երկրի պետական-օրինական բանակին մէջ միախառնելու հարցը։
Ու այստեղ հարկ է նշել, որ Հալէպի ծայրամասային շրջաններուն՝ Էշրէֆիէի եւ Շէյխ Մաքսուտի մէջ տեղի ունեցածները, մեծ հաշուով, սպասելի էին՝ մանաւանդ անոնց համար, որոնք մօտէն կը հետեւին երկրի զարգացումներուն։ Այդ մարդիկ նաեւ նախազգացին ու հասկցան, թէ Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած են բոլորովին նոր ժամանակներ, որոնք պայմանաւորուած են մեծ փոփոխութիւններով։
Գետնի վրայ տեղի ունեցած ու շատ հաւանաբար դեռ ալ տեղի ունենալիք իրադարձութիւններուն հիմնական խորագիրը մէկն է՝ «Սուրիոյ իշխանութեան ամրապնդում», եւ այդ ուժերուն ամբողջ երկրին վրայ տիրապետութիւնը։ Թէ ինչքանո՞վ Շարա պիտի կարողանայ յաջողութեամբ պսակել իր առաքելութիւնը՝ տակաւին յստակ չէ, սակայն, աւելի քան բացորոշ է, որ առանց միջազգային ամբողջական նեցուկի մը՝ ան երբեք պիտի չմտածէր եւ յատկապէս այս փուլին բանալ Սուրիոյ քիւրտերուն ամբողջական թղթածրարը։
Եւ այսպէս, Հալէպի՝ տարեսկիզբին չորս օր տեւած ռազմական գործողութիւններէն անմիջապէս ետք քաղաքի ծայրամասային շրջաններէն քրտական ուժերը գործնականապէս հեռացան: Սուրիոյ կառավարական բանակը լայնածաւալ յարձակում մը իրականացուց երկրի հիւսիսին՝ վերահսկողութիւն հաստատելով այն շրջաններուն վրայ, որոնք քրտական ուժերուն կողմէ փաստացիօրէն ինքնավար կարգավիճակ մը ունէին՝ վերջին տասը տարիներուն։
Ըստ Սուրիոյ պետական լրատուամիջոցներու՝ բանակը տիրացաւ Թապքա քաղաքին եւ անոր մօտակայքի ջրամբարին, ինչպէս նաեւ Ռաքքայի մօտակայ «Ազատութիւն» ջրամբարին, որ անցեալին յայտնի էր «Պաաս»ի ջրամբար անունով։
Այս իրադարձութիւններուն յաջորդեց Ահմէտ Շարայի կողմէ ստորագրուած հրամանագիր մը, որու հիմամբ քրտերէնը հռչակուեցաւ պաշտօնական լեզու (անշուշտ արաբերէնի կողքին), քիւրտ համայնքին տալով պաշտօնական ճանաչում։ Անշուշտ, կարեւոր էր այդ զարգացումը, սակայն, գետնի վրայ բան մը փոխուած տեսնելու հեռանկար չկար, որովհետեւ քրտական զօրքերը (խօսքը Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու մասին է) ո՛չ մէկ կերպով պատրաստ էին գործադրելու՝ անցեալ տարի, մարտի 10-ին ստորագրուած համաձայնութեան հիմնական պայմանները։ Ու այդտեղ ամենէն կարեւոր կէտն էր՝ այդ ուժերը Սուրիոյ բանակին մէջ ներգրաւելու նախապայմանը։ Սուրիոյ բանակի յառաջխաղացումէն ետք, քրտական խմբաւորումներու ղեկավարութիւնը յայտարարեց, որ Դամասկոս դաւաճանած է վերջին համաձայնութիւններուն՝ մինչ բանակը քրտական ուժերէն կը պահանջէր նահանջ՝ Եփրատ գետէն դէպի արեւելք։
Ռազմական գործողութիւններու թէժացումէն ետք, Սուրիոյ բանակը վերահսկողութեան տակ առաւ Ռաքքա քաղաքը, Տէր Զօրի կարեւոր հատուածները եւ մասնաւորաբար՝ այդ տարածքներու նաւթի պաշարներով հարուստ շրջանները։
Այս բոլորէն անդին երեւելի դարձաւ քրտական ուժերու ամբողջական նահանջը՝ դէպի Հասիչէ։
Այս բոլորին զուգահեռ՝ տեղի ունեցան բազմակողմանի շփումներ, որոնց մէջ առանցքային դեր խաղաց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմ Պարաք, որ Սուրիոյ հարցերով ԱՄՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչն է։ Ու չմոռնանք նաեւ, որ Թոմ Պարաքի միջնորդական առաքելութեան ճամբով՝ քրտական զօրքերու առաջնորդ Մազլում Ապտի այցելեց Դամասկոս ու բանակցութիւններ վարեց Ահմէտ Շարայի հետ։ Թէեւ ըստ լրատուամիջոցներուն՝ բանակցութիւնները տապալեցան, սակայն, զարմանալիօրէն այդ լուրերու տարածումէն շուրջ 24 ժամ ետք Ահմէտ Շարա այս անգամ հրապարակեց նոր փաստաթուղթ մը, որուն հիմամբ ալ կրակը դադրեցուեցաւ։ Ըստ համաձայնութեան՝ քրտական զօրքերուն ժամկէտ սահմանուեցաւ, որպէսզի խորհրդակցութիւններ կատարեն եւ զինուորական ու վարչական համարկման համար մանրամասն ծրագիր մը ներկայացնեն։ Այդ համաձայնութեան հիմամբ կը նախատեսուի, որ Սուրիոյ բանակը չմտնէ Հասիչէ եւ Գամիշլիի կեդրոնական շրջանները, այլ տեղակայուի ծայրամասերուն։ Քրտական գիւղերուն մէջ Սուրիոյ զինուորական ներկայութիւն պիտի չըլլայ եւ անվտանգութիւնը պիտի ապահովեն միայն տեղական ուժերը։
Մազլում Ապտի պէտք է ներկայացնէ թեկնածուներ՝ պաշտպանութեան փոխ-նախարարի, Հասիչէի նահանգապետի, խորհրդարանի եւ պետական ծառայութեան տարբեր պաշտօններու համար։ Քրտական զօրքերու բոլոր զինուորական եւ անվտանգային կազմերը պիտի ներգրաւուին երկրի Պաշտպանութեան եւ Ներքին գործոց նախարարութիւններուն, իսկ քաղաքացիական կառոյցները պիտի միանան պետական հաստատութիւններուն։
Այս բոլորը նշելէ անդին, հարկ է ընդգծել, որ այս փուլը կարեւոր եւ սպասողական է եւ անոր աւարտին ալ յստակ պիտի դառնայ, թէ Սուրիոյ քիւրտերը իրապէս ինչքանո՞վ պատրաստ են միաւորուելու ու մասը դառնալու երկրի բանակին, այդպիսով ալ լծուելու երկրի վերակառուցման կարեւորագոյն գործին։
ԷՐՏՈՂԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Թուրքիա, որ ուշի ուշով կը հետեւի Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, շատ արագ կերպով հակադարձեց պատահածներուն։ Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ըսաւ, որ Սուրիոյ հիւսիսի քրտական զօրքերը պարտին անմիջապէս վար դնել իրենց զէնքերը եւ լուծարել իրենց շարքերը, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ լուծումի մը՝ առանց աւելի մեծ արիւնահեղութեան։ ԱՔ կուսակցութեան երեսփոխաններուն առջեւ ելոյթի ընթացքին Էրտողան ողջունեց Դամասկոսի եւ «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու»ն միջեւ ձեռք բերուած զինադադարի համաձայնութիւնը, որուն հետեւեցաւ Սուրիոյ կառավարական ուժերու վերջին օրերուն արձանագրած արագ յառաջխաղացումը։
Նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը պարտին վար դնել զէնքերը եւ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքները յանձնեն Սուրիոյ կառավարութեան: Ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ խնդրին միակ լուծումն է՝ ձեռք բերուած համաձայնութեան նկատմամբ լիակատար յարգանքը։
Էրտողան ըսաւ նաեւ, որ Թուրքիա կը զօրակցի միասնական եւ անկախ Սուրիոյ պետութեան մը եւ երկրի բանակը պէտք է աշխատի այդ նպատակը իրագործելու ուղղութեամբ։ «Կը շնորհաւորենք Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը վերջերս իրականացուած յաջող ռազմական գործողութիւններուն համար», աւելցուց ան։
Էրտողանի խօսքով՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը չեն յարգած՝ անցեալ տարուան մարտի 10-ին Սուրիոյ կառավարութեան հետ ստորագրուած համաձայնութիւնը, սակայն, յոյս յայտնեց, թէ Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերու ամբողջական ներգրաւումը կրնայ նոր շրջան մը բանալ հարեւան երկրին մէջ։
Վերջապէս, Էրտողան յայտնեց, թէ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Սուրիոյ հարցերով ունեցած է օգտակար հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձած է նաեւ «Իրաք-Շամի Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարին։
Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցէն վերջ, Ահմէտ Շարան ալ վերջին օրերուն թափ տուաւ իր շփումներուն: Ան ալ հեռաձայնով զրուցեց Թրամփին հետ, իսկ նախընթաց օր Մոսկուա այցելելով՝ Քրեմլինի պալատին մէջ ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ քիւրտ ղեկավարներէն Սալիհ Միւսլիմ, որու գործունէութեան նկատմամբ վաղուց վերապահութիւններ ունեցած է Անգարան, BBC-ի տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ երկիրը աստիճանաբար կը վերածուի Միջին Արեւելքէ ներս Աֆղանիստանի մը։
ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ԵՐԿՍԱՅՐԻ ՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ
Հարկ է ընդգծել Հալէպի վերջին իրադարձութիւնները եւ դէպքերու ընդհանուր ընթացքը բացառիկ նշանակութիւն ունին ո՛չ միայն քաղաքի բնակչութեան, այլեւ ամբողջ Սուրիոյ ապագային համար։ Երկրի նոր իշխանութիւնը այսօր կանգնած է լուրջ փորձաքարի մը առջեւ։ Ան տակաւին հեռու է ամբողջական ու կայացած կառավարման համակարգ մը ունենալէ եւ այս առումով Հալէպի մէջ արձանագրուելիք յաջողութիւնը կրնայ վճռորոշ խթան մը դառնալ Շարայի համար՝ իր իշխանութիւնը ամրապնդելու եւ տարածելու համար երկրի զանազան շրջաններուն վրայ: Այդ տարածումը կրնայ ընդգրկել ո՛չ միայն Հալէպը, այլեւ Սուայտան, հիւսիսային գօտիները, Դամասկոսի ներքին շրջանները եւ նոյնիսկ Իսրայէլի հետ սահմանակից Ալ-Քունայթրա սահմանային քաղաքը։
Հայկական տեսանկիւնէն եւս Հալէպի կայունացումն ու երբեմնի դերին վերադարձը կրնան վերածուիլ նոր հնարաւորութեան մը։ Այդ պարագային, տեղի հայութիւնը, որ վերջին տարիներուն արդէն իսկ ձեռնարկած էր վերակազմաւորման եւ վերակենդանացման որոշ քայլերու, պիտի կարենայ նոր եւ ամուր հիմքեր դնել դարաւոր այդ մեծ համայնքայի շէնքին մէջ։ Այդ հիմքերը նախ եւ առաջ պիտի կերտուին տնտեսական ապահովութեան եւ ֆիզիքական անվտանգութեան սիւներուն վրայ։
Ազգային, կրօնական եւ մշակութային տեսակէտէ սուրիահայութիւնը՝ ի մասնաւորի հալէպահայութիւնը, պատմութեան ընթացքին արդէն ապացուցած են իրենց դիմացկոտութիւնն ու ներքին ամրութիւնը։ Համայնքը կարողացաւ՝ հակառակ բազմաթիւ աղէտներու եւ արհաւիրքներու, պահպանել իր ինքնութիւնը, դիմադրել քայքայումին եւ պահել իր առանցքային դերն ու տեղը Սուրիոյ հասարակութեան մէջ։
Յամենայդէպս, եթէ սպասուած կայունութիւնը ուշանայ կամ տարբեր պատճառներով ամբողջովին խաթարուի եւ Հալէպը մխրճուի անվերջանալի բախումներու, ընդհարումներու եւ արիւնահեղութեան նոր փուլի մը մէջ, ապա քաղաքի հայութեան ապագան կրնայ լրջօրէն վտանգուիլ։ Տասն եւ աւելի տարիներու ծանր փորձութիւններէն յոգնած ու վիրաւոր դարձած հայութեան համար Սուրիոյ այս շրջափուլին աւարտը պիտի դառնայ ճակատագրական պատասխան մը՝ այդ երկրի ապագային վերաբերեալ խորքային եւ գոյաբանական հարցադրումներուն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան